• Նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջան
• Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն
• Քաղաքական անկում եւ հոգեւոր վերածնունդ
• Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին
• Հայ Եկեղեցւոյ կառուցուածքը
Նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջան
Հայկական պետականութեան ամենահին յիշատակումը ներկայիս Յիւսիսային Իրանի մէջ գտնուող ժայռի վրայ կատարուած արձանագրութիւնն է, որտեղ պարսից արքայ Դարեհ Մեծը (522-485մ.թ.ա.) կը թուէ իր կողմէն զաւթուած թագաւորութիւնները ներառեալ Հայաստանը:
Հայք (Հայերը) կ’ապրէին Միջին Ասիոյ լեռնաշխարհին մէջ ` Վանայ լիճին շուրջ, տարածուելով Յիւսիս եւ Արեւելք բիլբլիական Արարատ լեռան շուրջ: Ուրարտացիները (1000-600 մ.թ.ա.) Հայերու համար նոյնն են ինչպէս Բրետոնացիք Անգլիացիներու եւ Գալերը Ֆրանսացիներու համար: Մ.Թ.Ա. 782 թ.ին կառուցուած Էրեբունի քաղաք – ամրոցը Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի նախնին է եւ կարծիք կայ որ այն աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող առաջին մեթրոպոլիսն է:
Հայկական թագաւորութեան արձանագրուած պատմութիւնը կը սկսուի մ.թ.ա. 401 թուականէն ` Երուանդունիներու տոհմով եւ հասաւ իր բարձրունքին մ.թ.ա. 55թ.ին, երբ Արքայից Արքայ Տիգրան Մեծը (Արտաշեսեան տոհմ) ընդարձակեց իր կայսրութիւնը Սեւ Ծովէն մինչեւ Կասպից ծով եւ Միջերկրական ծովէն մինչեւ այն վայրերը որոնք այսօր յայտնի են որպէս Միջին Արեւելք եւ Արաբական անապատներ:
Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն
Մինչ Հայաստանը սկսեց իր տարածքով փոքրանալ, սեղմուելով իրար մրցակից Հռովմէական եւ Պարսկական կայսրութիւններու միջեւ, Յիսուսի աշակերտներէն երկուսը ` Թադէոսը եւ Բարդուղեմէոսը, ճամբորդեցին Հայաստան Տիրոջ Խօսքը քարոզելու համար: Յետագայ 300 տարիներու ընթացքին Քրիստոնէութիւնը գաղտնի զարթոնք ապրեցաւ եւ մնաց ընդհատակեայ: Երբ արքայ Տրդատ III (287-330) հրաշքով բժշկուեց ահաւոր հիւանդութենէն իր գրչապետ Գրիգոր Պարթեւի կողմէ, որը քիստոնեայ էր, արքան անձամբ դարձի եկաւ Քրիստոնէութեան եւ 301 թ.ին Քրիստոնէութիւնը հռչակեց որպէս պետական կրօն: 2001թ.ին հայերը ամբողջ աշխարհով մէկ նշեցին հայով դարձի 1700 ամեակը:
Առաջին հայկական եկեղեցին կառուցուեց Էջմիածնի մէջ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը դարձաւ առաջին Կաթողիկոսը: Ներկայիս Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ, որը կը նստի Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի 132-րդ յաջորդն է:
Քաղաքական անկում եւ հոգեւոր վերածնունդ
Մ.Թ. 428թ.ին Հայաստանի Արշակունեաց արքայութիւնը վերջնականապէս զաւթուեցաւ Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոյ կողմէ, որոնք երկիրը բաժնեցին իրենց միջեւ: Հայերու քրսիտոնէութեան հանդէպ վճռականութիւնը եւ նուիրուածութիւնը առաջին անգամ փորձուեցաւ 451թ.ին, երբ Պարսից հզօր արքայ Հասկերտ II փորձեց ոյժով հայերուն հաւատափոխ ընել Զրահադաշտութեան: Այս քայլով Պարսից արքան յոյս ուներ հայերուն վերջնականապէս ձուլել պարսիկներու հետ:
Աւարայրի (Նախիջեւանի մօտ) ճակատամարտը, ուր հայերուն կը գլխաւորեր Վարդան Մամիկոնեանը, վերջացաւ հայերու պարտութեամբ: Վարդանը եւ իր զինուորները նահատակուեցին, սակայն պարտիազանական պատերազմը շարունակուեց 30 տարի մինչեւ հայերը ապահովեցին իրենց դաւանանքի ազատութիւնը: Վարդանը եւ իր քաջ զինուորները դասուեցան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին եւ մինչեւ այսօր անոնք ամէն տարի կը յիշատակուին որպէս հաւատքի եւ խղճի ազատութեան խորհրդանիշեր: Վարդանաց ինքնազոհաբերումը կրկին եւ կրկին կրկնուեցաւ Հայերու պատմութեան ողջ ընթացքին:
406թ.ի հայակական 35 (յետագային եւս երկու տառ աւեալցուեցաւ) տառերու գիւտը ուսեալ հոգեւորական Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, սկիզբ դրաւ մշակոյթի եւ կրթութեան զարթոնքի: Աստուածաշունչը թարգմանուեցաւ հայերէն (թագուհի թարգմանութեանց), հոգեւոր ծեսերը սկսեցին կատարուել հայերէնով եւ վանքերը դարձան կրթութեան կեդրոններ, ուր յոյն փիլիսոփաներու (Արիստոտել, Պլատոն եւլն.), պատմիչներու (Հերոդոտ եւլն.), գրողներու (Հոմերոս եւլն.) գլուխգործոցները թարգմանուեցան հայերէն: Մանրանկարներով զարդարուած մատեաներու արուեստը եւ իւրօրինակ ճարտարապետութիւնը ծաղկեցան, առաջ բերելով Ոսկէ Դարը ` V-րդ դար:
Յետագայ 1500 տարիներու ընթացքին, բացառութեամբ անկախութեան կարճատեւ ժամանակաշրջանները (Բագրատունեանց թագաւորութիւն 885-1064թթ.) եւ Կիլիկիայի Ռուբինեանց թագաւուրութիւնը 1080-1375թթ., հայկական լեռնաշխարհը ` արեւելքի եւ արեւմուտքի խաչմերուկը, հերթականութեամբ եղած է Պարսիկ, Բիւզանդացի, արաբ կառավարիչներու, Մոնղոլներու ու Օսմանեան թուրքերու իշխանութեան ներքոյ: Չնայած ներխուժումներու, ջարդերու եւ հետապնդումներու, Հայաստանեայց եկեղեցին եւ հայկական մշակոյթը հարատեւեց եւ մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ պատուական տեղ գրաուեց:
Բացի Սուրբ Թարգմանիչներէն, այնպիսի մտաւորական հսկաներ ինչպիսին են Մովսէս Խորենացին (V դարու պատմիչ), Դաւիթ Անյաղթ (VI դարու փելիսոփայ), Անանիայ Շիրակացի (VII դարու աշխարհագրագէտ եւ գիտնական), Գրիգոր Նարեկացի (X դարու հռետոր եւ բանաստեղծ), Կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալի (XI դարու բանաստեղծ եւ եկեղեցական գործիչ), Մխիթար Հերացի (XII դարու բժիշկ) միայն փոքր թիւ կը կազմեն բազմաթիւ գիտնականներու մէջ, որոնց աշխատութիւնները մասամբ մեզի հասած են անցնելով շատ մութ դարերու միջեւ: Աւելի քան 24000 ձեռագիր մատեաններ (շատերը մագաղաթէ) ներկայիս կը գտնուին աշխարհի տարբեր գրադարաններու, թանգարաններու (10000 Երեւանի Մատենադարանի մէջ) եւ մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ: Հազարաւոր վանքեր եւ եկեղեցիներ, մեծաւ մասամբ աւերուած վիճակի մէջ, սփռուած են ողջ պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքի մէջ, որոնք կը մնան որպէս փառաւոր մշակոյթի եւ քրիստոնէական հաւատքի յաւերժականութեան լուռ վակայութիւններ:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մասնակցած է առաջին երեք տիեզերական ժողովնորուն ` Նիկիայ (325թ.) Կոստանդնուպոլիս (381թ.) եւ Եփեսոս (431թ.) եւ կ’ընդունէ այս ժողովնորու կանոնական եւ վարդապետակն ճշմարտութիւնները: Մեր եկեղեցին կը մերժէ Քաղկեդոնի (451թ.) եւ անոր յաջորդող ժողովողներու ուրոշումները: Հայաստանեայց Եկեղեցին կը մերժէ Քրիստոսի երկու բնութիւններու շփոթումը եւ կը ճանչնայ Անոր մէջ աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները ընդունելով ` <<Մի բնութիւն Մարմնացեալ Բանի>> սահմանումը: Այսպիսով հայաստանեայց Եկեղեցին չի համաձայնիր Յոյն Ուղղափառ եւ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցիներու վարդապետութեան հետ եւ կը պահպանէ իր եզակիութիւնն եւ վարչական անկախութիւնը: Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիները, որոնք նոյնպէս մերժած են Քաղկեդոնի բանաձեւը, հետեւեալն են ` Ղպտի, Եթովպիական, Հնդիկ Մալաբար եւ Ասորի Յակոբիկեան եկեղեցիներ:
1915 -1923թթ. ընթացքին Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ Հայ ազգը գրեթէ ամբողջովին ոչնչացուեց Մեծ Եղեռնի ժամանակ, որը տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի մէջ: Արեւելեան Հայաստանի մէջ անաստուած կոմունիստների հետապնդումները աւելի թուլացուցին Հայ Եկեղեցին: Ներկայիս, որպէս լեզուի եւ մշակութային ինքնութեան պահապան, եկեղեցին կը հանդիպի նոր մարտահրաւերներու, ինչպէս Հայաստանի այդպէս ալ Սփիւռքի մէջ:
Հայ Եկեղեցւոյ կառուցուածքը
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որը կը գտնուի Հայաստանի մէջ ` մայրաքաղաք Երեւանի մօտ, կը գլխաւորէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը: Կիլիկիոյ Կատողիկոսութիւնը, որը պատմականօրէն կը գտուէր հարաւային Թուրքիոյ Սիս քաղաքի մօտ, ցեղասպանութենէն յետոյ տեղափոխուեցաւ Անթիլիաս, Լիբանանի մայրաքաղաք Բեյրութի մօտ: Այն իրաւաութիւն ունի Լիբանանի, Սիրիայի եւ Կիպրոսի թեմերու վրայ:
Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը հիմնուած է 669 թ.ին եւ իրաւասութիւն ունի Իսրաէլի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի համայնքներու վրայ: Այն կը հանդիսանայ նաեւ Երուսաղէմի եւ Բեթլեհեմի քրիստոնէական սրբատեղիներու պահապանը:
[:]