Այսօր Հայաստանեայց եկեղեցին սփռուած է աշխարհի տարբեր մայր ցամաքներու վրայ: Դարեր շարունակ, փախչելով հալածանքներէն, իսկ վերջին ժամանակներուն` 1915-1923՝ Ցեղասպանութենէն, Հայերը հիմներ են համայնքներ և կառուցեր են եկեղեցիներ այդ վայրերուն մէջ, ուր ճակատագրի բերումով յայտնուեր են:
Քանի որ Հայերու քանակը ժամանակի ընթացքին փոխուեր է, եկեղեցին փորձեր է հոգալ իր ժողովուրդի կարիքները: Այն ունի յատուկ նուիրապետական կարգ մը, որ կը պահպանէ հաւասարակշռութիւնը եկեղեցիէն ներս:
Այս հաւասարակշռութեան կեդրոնը միշտ եղեր է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, իսկ եկեղեցւոյ սիրտը, ուրկէ այն կը ստանայ իր կենսատու ուժը, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կեդրոնն է` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:
Հայաստանեայց եկեղեցին փոխուեր եւ զարգացեր է` հոգալու հաւատացեալ ժողովուրդի կարիքները 1700 ամեայ պատմութեան ընթացքին:
Վարչականօրէն մեծ գործ կատարուեր է` ընդգրկելու համար հաւատացեալներու լայն շրջանակ մը: Այսօր եկեղեցւոյ վարչական կառոյցի մէջ ընդգրկուած են ե′ւ հոգեւորականներ ե′ւ աշխարհականներ: Աշխարհի ցանկացած մասի մէջ, ուր կան հայկական Եկեղեցիներ եւ հաւատացեալներ, այնտեղ գոյութիւն ունի թեմ, որ կը ղեկավարուի տուեալ թեմի առաջնորդի կողմէն: Իւրաքանչիւր թեմ բաղկացած է ծուխերէ և համայնքներէ: