Գրաբար
Հաւատամք ի մի Աստուած՝ ի Հայրն ամենակալ, յարարիչն երկնի եւ երկրի, երեւելեաց եւ աներեւութից:
Եւ ի մի Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ, ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ միածին, այսինքն յէութենէ Հօր:
Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ՝ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած: Նույն ինքն ի բնութենէ Հօր, որով ամենայն ինչ եղեւ յերկինս եւ ի վերայ երկրի, երեւելիք եւ աներեւոյթք:
Որ յաղագս մեր՝ մարդկան, եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ ի յերկնից՝ մարմնացաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ սրբոյ կուսէն՝ Հոգւովն Սրբով:
Որով Էառ մարմին, հոգի, եւ միտ, եւ զամենայն որ ինչ է ի մարդ՝ ճշմարտապես եւ ոչ կարծեօք:
Չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր յարուցեալ. ելեալ ի յերկինս նովին մարմնովն, նստաւ ընդ աջմէ Հօր:
Գալոց է նովին մամնովն եւ փառօք Հօր ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս. որոյ թագաւորութեանն ոչ գոյ վախճան:
Հաւատամք եւ ի Սուրբ Հոգին, յանեղն եւ ի կատարեալն, որ խօսեցաւ յօրենս եւ ի Մարգարէս եւ յԱւետարանս: Որ էջն ի Յորդանան, քարոզեաց յառաքեալսն, եւ բնակեցաւ ի սուրբսն:
Հաւատամք եւ ի մի միայն ընդհանրական եւ առաքելական սուրբ Եկեղեցի: Ի մի մկրտութիւն, յապաշխարութիւն, ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց: Ի յարութիւն մեռելոց, ի դատաստանն յաւիտենից հոգւոց եւ մարմնոց. յարքայութիւնն երկնից, եւ ի կեանսն յաւիտենականս:
Աշխարհաբար
Կը հաւատանք մէկ Աստուծոյ՝ ամանակալ Հօրը, երկինքի եւ երկրի, երեւելիներու եւ աներեւոյթներու Արարչին:
Եւ մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ Աստուծոյ Որդիին՝ծնած Հայր Աստուծմէ՝ միածին, այսինքն՝ Հօր էութենէն: Աստուած՝ Աստուծմէ, լոյս՝ լոյսէն, ճշմարիտ Աստուած՝ ճշմարիտ Աստուծմէ, ծնունդ եւ ոչ՝ արարած: Նոյն Ինքը՝ Հօր բնութենէն, Որով ամենայն ինչ եղաւ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ՝ երեւելիներ եւ աներեւոյթներ: Որ մեզ՝ մարդոց համար եւ մեր փրկութեան համար, երկինքէն իջնելով, մամնացաւ, մարդացաւ, Սուրբ Հոգիով կատարելապէս ծնաւ սուրբ Կոյս Մարիամէն: Որով վերցուց մարմինը, հոգին եւ միտքը եւ ամենայն ինչ, որ ունի մարդ՝ ճշմարտապէս եւ ոչ՝ կարծեօք: Չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ, նոյն մարմնով ելաւ երկինք եւ նստեցաւ Հօր աջ կողմը: Պէտք է գայ նոյն մարմնով եւ Հօր փառքով՝ դատելու կենդանիներուն եւ մեռելներուն, Որի թագաւորութիւնը վախճան չունի:
Կը հաւատանք Սուրբ Հոգիին՝ անեղին եւ կատարեալին, որ խօսեցաւ Օրէնքի մէջ, Մարգարեներու եւ Աւետարաններու մէջ: Որ իջաւ Յորդանան, քարոզեց առաքեալներու միջոցով եւ բնակուեցաւ սուրբերու մէջ:
Կւ հաւատանք նաեւ միայն մէկ Ընդհարական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիի, մէկ մկրտութեան, ապաշխարութեան, մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան. մեռելների յարութեանը, հոգիներու եւ մարմիններու յաւիտենական դատաստանին, երկնքի արքայութեանը եւ յաւիտենական կեանքին: