Յունիս 24-26, 2016, Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապը, առաքելական այց մը կատարեց դէպի քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին երկիրը-Հայաստան: Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապը կոչեց այս ուղեւորութիւնը ուխտագնացութիւն կարեւորելով Արարատեան Երկրի այցելութեան ոգեշունչ ծաւալը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով, Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապի այցելութեան կապակցութեամբ, Գանատայի պատուիրակութիւնը – Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, ուղեկցութեամբ Տէր եւ Տիկ. Օհան եւ Անիթա Օհաննէսեաններու եւ Տէր եւ Տիկ. Արտէն եւ Քրիսթինա Տէրվիշեաններուն հետ ճամբորդեց դէպի Մայր Հայաստան մասնակցելու պաշտօնական միջոցառումներուն։
Հռոմի Պապին դիմաւորեցին Զուարթնոց Միջազգային օդակայանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգիսեանն ու Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներ եւ Եպիսկոպոսներ՝ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու։
– Սեղմէցէք այստեղ դիտելու համար դիմաւորութեան պաշտօնական արարողութիւնը՝

Հռոմի Պապն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ օդակայանէն ուղղակի մեկնեցան դէպի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, միասնաբար աղօթելու համար Համայն Հայութեան Հոգեւոր Կեդրոնին մէջ, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքով Աստուծոյ Միածին Որդին Էջք գործեց Երկինքէն։ Սեղմէցէք այստեղ դիտելու համար Էջմիածին տեսանիւթը ՝

Էջմիածինէն ետք Հռոմի Պապը մեկնեցաւ դէպի Մայրաքաղաք Երեւան, մեծարանքի այցով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին։ Յետագային Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ քաղաքային իշխանութիւններու եւ դիւանագիտական մարմնին հետ Նախագահական Նստավայրին մէջ եւ իր ուղերձը փոխանցեց ներկաներուն։
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան, Հռոմի Պապը նշեց թէ՝ «Դժբախտաբար, այդ ողբերգութիւնը, այդ Ցեղասպանութիւնը, ցաւոք, գլխաւորեց անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու տխուր ցուցակը, որոնք իրականացուեցան ցեղապաշտական, գաղափարախօսական եւ կրօնական մոլերեցնող շարժառիթներով եւ որոնք մթացուցին մարդասպաններու միտքը, ովքեր նպատակադրուեցան ոչնչացնելու մինչեւ իսկ ամբողջ ժողովուրդներ։ Եւ ցաւալի է, որ ինչպէս այս, այնպէս ալ այլ դէպքերու աշխարհի գերտէրութիւնները կը նային այլ ուղղութեամբ»: Սեղմէցէք այստեղ դիտելու համար նախագահական հանդիպումի տեսանիւթը

Առաքելական այցի առաջին օրուայ աւարտին, տեղի ունեցաւ առանձին հանդիպում Հռոմի Պապի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին միջեւ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։
Շաբաթ 25 Յունիս, 2016-ին, Ֆրանցիսկոս Պապը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր, ուր Ֆրանցիսկոս Պապը ծաղկեպսակ տեղադրեց եւ աղօթեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Կաթողիկէ ու Հայ Եպիսկոպոսններուն հետ, եւ շոճիի ծառ տնկեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշողութիւններու Պուրակին մէջ, ապա հանդիպեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն փռկուած հայորդիներու խումբ մը ժառանգորդներու հետ որոնք 1915-ին փրկուած ու ապաստան գտած են Կանտոլֆո Պալատին մէջ, Բենետիկտոս 15րդ Պապի եւ Պիոս 11րդ Պապի ջանքերով։
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց Ծիծեռնակաբերդի Թանգարանի ոսկեայ մատեանին մէջ՝
«Այստեղ կ՚աղօթեմ ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ գիտնայ ինչպէս չարութեան յաղթել բարութեամբ։ Թող Աստուած պարգեւէ սիրեցեալ Հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն։ Աստուած պահպանէ Հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը։ Յիշողութիւնը կարելի չէ պղտորել կամ մոռնալ։ Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»:
-Սեղմեցէք այստեղ դիտելու համար Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրի այցելութեան տեսանիւթը՝

Այցելութենէն ետք, Նորին Սրբութիւն Ֆրանցիսկոս Պապն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ճամբորդեցին դէպի Գիւմրի, Հայաստանի Հանրապետութեան՝ մեծութեամբ երկրորդ քաղաքը, ուր Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապը Սուրբ Պատարգ մատուցեց Վարդանանց հրապարակին մէջ։ Ս. Պատարագէն ետք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղեկցութեամբ Քահանայապետը կ՚այցելէ Գիւմրիի Սուրբ «Եօթվէրք» Առաջնորդանիստ եկեղեցին եւ Գիւրիի Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ Եկեղեցին։
-Սեղմեցէք այստեղ դիտելու համար Վարդանանց Հրապարակի Սուրբ Պատարագը՝

Շաբաթ օր երեկոյեան ժամը 7-ին Մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ Ամենայն Հայց Կաթողիկոսին հետ միասնաբար գլխաւորեցին ընդհանրական եւ խաղաութեան աղօթք-պատարագը։ Ֆրանցիսկոս Պապը փոխանցեց իր պատգամը յայտնելով որ իրեն համար առանձնաշնորհութիւն է գտնուիլ այս բարձունքին վրայ, ուր Արարատ Լերան հայեացքին ներքոյ նոյնիսկ լռութիւնը խօսում է։ Խաչքարերը կը պատմեն անկրկնելի պատմութիւն մը ամրակուռ հաւատքով ու սոսկալի տառապանքներով հիւսուած։
Արարողութեան աւարտին, Ֆրանցիսկոս Պապն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ ջրեցին խորհրդանշական Նոյան Տապանի մէջ տնկուած որթատունկը որ կը խորհրդանշէ սփիւռքի մէջ ապրող բազմաթիւ Քրիստոնէաներու որոնք կրնան պտուղ տալ որ կը նշանակէ վերածնունդ։
-Սեղմեցէք այստեղ դիտելու համար Ընդհանրական եւ Խաղաղութեան աղօթքի արաողութիւնը՝

Ֆրանցիսկոս Պապի Առաքելական այցելութեան առաւօտեան վերջին օրը, Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն հետ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։
Հանդիպումէն ետք, Ֆրանցիսկոս Պապը մասնակցեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ մատուցած Ս. Պատարագին, որուն ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգիսեանն ու Առաջին Տիկ. Ռիթա Սարգիսեանը, Տիար Գալուստ Սահակեան, ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ, Տիար Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ Վարչապետ, ինչպէս նաեւ Թեմակալ Առաջնորդներ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարերարներ, պատգամաւորներ համայն աշխարհի Թեմերէն, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, ներկայացուցիչներ դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ու բազմաթիւ ուխտաւորներ Հայաստանէն ու սփիւռքէն։ Ս. Պատարագի քարոզի աւարտին, Ֆրանցիսկոս Պապը խոսեց իր «արդէն անմոռանալի» այցելութեան մասին եւ աղօթեց որ երկու եկեղեցիները «հետեւինք Աստուծոյ կանչին՝ կատարեալ միութեան եւ արագացնենք մեր քայլերը« – «Սուրբ Բարթողիմէոս եւ Թադէոս, որ առաջին անգամ քարոզեցին Աւետարանը այս աշխարհին մէջ, եւ սուրբ Պետրոսն ու Պօղոսը, որ Հռոմի մէջ իրենց կեանքը զոհեցին Տիրոջ համար, մինչ կը թագաւորեն երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ՝ վստահաբար կ՚ուրախանան տեսնելով մեր սէրն ու ժրաջան ձգտումը՝ ամբողջական հաղորդութեան»։
-Սեղմեցէք այստեղ դիտելու համար Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի՝ Ս. Պատարագի տեսանիւթը՝

Հաւարտ Ս. Պատարագին, տեղի ունեցաւ համամիութենական ճաշ Սրբազան Քահանայապետին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Հայ Առաքելական եւ Հայ՛ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու ու Քահայանապետներու ընկերակցող պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքին մէջ։ Ապա, երկու Եկեղեցիներու ղեկավարները ստորագրեցին համընդհանուր հռչակագիրը։
Սեղմեցէք այստեղ կարդալու համար Հռչակագիրը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով՝
Հռչակագիրը ստորագրելէ ետք, Նորին Սրբութիւն Ֆրանցիսկոս Պապը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նստավայրին մէջ հանդիպեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, պատուիրակներուն եւ բարերարներուն հետ։
-Սեղմեցէք այստեղ դիտելու համար Հռչակագրի ստորագրութեան մասին տեղեկագրութիւնն ու պատուիրակներուն եւ բարերաներուն հետ հանդիպումը՝

Հռոմի Պապը իր եռօրեայ՝ դէպի Հայաստան Առաքելական ճամբորդութիւնը աւարտեց, այցելելով «Խոր Վիրապ» վանքը Արարատ լերան դաշտավայրին մէջ, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բանտարկուած էր 13 տարի, մինչեւ Տրդատ Թագաւորի կրօնափոխութիւնը 301 թ., որ յղեց Ամբողջ Հայութեան ընդունելու համար քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք։
Երկու եկեղեցիներու ղեկավարները աղօթեցին վանքին մէջ, ապա արաձակեցին երկու ճերմակ աղաւնիներ դէպի Պիպլիական Արարատը։ Այդ արարքը խորհրդանշեց միասնութեան եւ խաղաղութեան։
-Սեղմեցէք այստեղ դիտելու համար Խոր Վիրապ վանքի աղօթքի արարողութիւնը՝

Խոր Վիրապէն ետք Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապը մեկնեցաւ դէպի Երեւանի միջազգային օդակայանը, ուր հրաժեշտի արարողութիւն տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ, ՀՀ Նախագահ Տիար Սերժ Սարգիսեանի եւ Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգիսեանին, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ ու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու
-Սեղմեցէք այստեղ դիտելու համար Ողջերթի արարողութիւնը՝

Հայաստանէն դէպի Հռոմ վերադարձի ճամբուն, ի պատասխան լրագրողի հարցին՝ «Ինչո՞ւ որոշեցիք աւելցնել «ցեղասպանութիւն» բառը, Նախագահական Պալատին մէջ Ձեր ունեցած ելոյթի ընթացքին», Նորին Սրբութիւն Ֆրանցիսկոս Պապը պատասխանեց՝ «Ես միշտ ալ խօսած եմ երեք ցեղասպանութիւններու մասին, որոնք եղած են անցեալ դարուն՝ առաջինը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է, ապա։ Հիթլերի իրագործած ցեղասպանութիւնը եւ Սթալինի իրագործած ցեղասպանութիւնը… կայ նաեւ Ափրիկէի մէջ… Սակխյն երեքը երկու մեծ պատերազմներու ծիրէն ներս տեղի ունեցած ցեղասպանութւիններն էն։ Ես հոն ուզեցի ընդգծել այլ ուրիշ բան մը, եւ չեմ կարծեր որ սխալեցայ ինչպէս նաեւ ըսի։ Այս ցեղասպանութեան մէջ եւ միւս այլ երկուքին, միջազգային գերտէրութիւնները այլ կողմ կը նայէին, եւ այս էր հարցը: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին քանի մը գերտէրութիւններ երկաթուղիներու լուսանկարներ ունէին, որոնցմով փոխադրակարգերը կ՚երթային Աուշվիէն մարդասպանութեան համար, ինչո՞ւ չի ռմբակոծեցին այդ երկաթուղիները։
Անոնք պատերազմին եւ այլ շատ բաներու անդրադարձան եւ ոչ թէ մարդկութեան… Ես չեմ գիտեր եթէ սա ճիշդ է, բայց ես կը փափաքիմ գիտնալ եթէ այս մէկը ճիշդ է, որ այն ժամանակ երբ Հիթլերը ըսաւ թէ «Հիմա ո՞վ կի յիշէ հայերուն, եկէք նոյնը ընենք հրեաներուն հետ»… Կը կարծեմ պատասխանեցի։ Բայց ես այդ բառը չեմ գործածած վիրաւորական առումով, եթէ ոչ առարկայապէս։