Սիրելի հաւատացեալներ,

Մեր օրհնութիւնն ու ջերմ ողջոյնները կը բերենք Մեծ Պահքի այս սուրբ ժամանակաշրջանին՝ մեր հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը դէպի Մեր Տէր Յիսուս Փրկչի Յարութեան Սուրբ Տօնին:

Պսակաձեւ ժահր (Coronavirus)-ի հետ առնչուող իրավիճակի մասին անդրադարնալով՝ Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Գանատահայոց Թեմը զայն կը համարէ լուրջ իրավիճակ մը, ուր կը պահանջուի մեր ուշադրութիւնը որպես եկեղեցի:

Մենք ուշադիր կը հետեւինք հանրային աղբիւրներու տրամադրած տեղեկատուութեան, մեր նպատակն է օգնել մեր ծուխերու անդամներուն մնան անվտանգ և խոհեմութեամբ կառավարել վտանգի հաւանականութիւնը:

Առողջապահութեան ոլորտի փորձագետներու հետ խորհրդակցելով, Թեմն իր տնօրինութիւնը փոխանցեց հոգեւորաց դասին, ուր նշուած են շարք մը առաջարկութիւններ, մեր տեղական ծխականներու կողմէն կիրարուելու: Տնօրինութիւնը կը վերաբերի ա/ եկեղեցի հաճախելու հարցին, բ/ կրօնական արարողութեանց ու ծերսերուն, գ/ ընկերակցութեան եւ սնունդին, դ/ ընդհանուր նախազգուշական քայլերուն ու միջոցներուն:

Ըստ այս ուղեցոյցներուն, եկեղեցւոյ առօրեայի մէջ պիտի նկատուին կարգ մը փոփոխութիւններ: Մաքրութիւնը միշտ կարեւոր դեր ունեցած է եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան և արարողակարգի մէջ, սակայն ներկայ իրավիճակին մեր ծխական համայնքները պետք է կրկնապատկեն իրենց ճիգերը՝ ծխական կեանքէն ներս առողջաբանական հարցերու հետ առնչուող որեւէ երեւոյթի մասին:

Ակնյայտ է, որ սովորական պայմաններուն մեր եկեղեցւոյ որոշ ծեսեր կը պարունակեն փոխազդեցութիւն: Առայժմ մենք Մեծ պահքի շրջանին ենք, ուր այս փոխազդեցիկ ծիսակատարութիւնները, ինչպէս խաղաղութեան համբոյրը, Սուրբ Հաղորդութիւնն ու Աւետարան համբուրելը Սուրբ Պատարագի կարգէն մաս չեն կազմեր: Այնուամենայնիւ, երբ մօտենանք Ծաղկազարդին, Թեմը կը տրամադրէ լրացուցիչ ուղեցոյցներ, թէ ինչպէս պետք է կատարել կրօնական այս արարողութիւնները:

Եկեղեցի հաճախելու հարցը հասարակութեան կողմէն յատուկ ուշադրութիւն կը պահանջէ: Այս պահին հաւատացեալներուն կը յորդորենք, ըստ սովորականին, հաճախել եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցելու:

Այսու յարգանօք կը խնդրենք եկեղեցի հաճալելէն զանց մնան այն անձերը, որոնք վերջին 14 օրուայ ընթացքին վերադարձած են օտարեկրեայ ճանապարհորդութենէ մը: Խորհուրդ կու տանք բոլոր անոնց որոնք վերջին շրջանին ճանապարհորդեր են՝ նախքան եկեղեցի գալը, սպասեն առնուազն 14 օր թեկուզ եւ անոնք հարբուխի նման ախտանիշներ չունին:

Յաւելուածաբար, խորհուրդ կու տանք եկեղեցի հաճախելէն զանց մնայ իւրաքանչիւր անձ, որ հարբուխի նման ախտանիշներ ունի: Մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնն է խնայել մեր համայնքներու թոյլ պաշտպանողականութիւն ունեցող անդամերը, որոնց համար պսակաձեւ ժահր (Coronavirus)-ը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ:

Մենք այս ուղեցոյցը կ’առաջարկենք ըստ պատշաճի քննարկելէ ետք դաշնային եւ մարզային իշխանութիւններուն կողմէն տրուած առաջարկութիւնները:

Կրկին անգամ, մեր Թեմը շատ լուրջ կը վերաբերուի այս իրավիճակի հետ, ինչպէս նաեւ կը պարտաուորուի պատշաճօրէն օգնել հոգեւոր հովիւներուն, ծխականներուն եւ մարդոց վերահասու ըլլալով իրենց հոգեւոր ու ֆիզիքական մտահոգութիւններուն:

Այս նպատակով կը խորհրդակցինք բժշկական մարմիններու և մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանական եւ դաստիարակչական մարմններուն հետ:

Մեր առաջին պարտականութիւնն է, ինչպէս և ամէն ինչի մէջ, աղօթքի միջոցով առաջնորդուիլ: Եկեք աղօթենք, որպես եկեղեցի, որ մեր Տիրոջ ողորմածութեամբ ընգրկուին հիւանդներն ու անապահով անձերը, յանձնուած խեղճ հոգիներ ունեցողները եւ խիզախ մարդիկ, որոնք կը ծառայեն տառապեալներուն ինպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն բուժում գտնելու համար:

Աղօթք կը բարձրացնենք առ Ամենակարող Աստուած շարունակելու առաջնորդել, պաշտպանել և զօրացնել մեր ժողովրդին, այժմ և յաւիտեանս յաւիտենից: