ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱՍԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

Գանատայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւն Գ.Հ.Ե.Ե.Մ

Գանատայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան հիմնադրումը ամբողջ Գանադայի մէջ, հայ երիտասարդներուն տուաւ նպատակի եւ պատկանելութեան զգացում հայ համայնքէն ներս: Այն նաեւ մեր երիտասարդներուն նեկայացրեց մեր եկեղեցւոյ կեանքը, պաշտամունքը եւ մեր հոգեւոր ժառանգութեան գեղեցկութիւնը: Այսօր շատ դիւրին է գտնել ծխական խորհուրդի անդամներէ, տկնանց յանձնախումբի անդամներէ, սարկաւագներէ, դպրապետներէ, երգչախումբի անդամներէ եւ կիրակնօեայ ուսուցիչներէ շատեր որոնք ժամանակին եղած են Գանադայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան անդամ:

1946թ.ի  Յունուար 12-15ը Ամերիքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւնը ( A.C.Y.O.A) հիմնուեց Փրովիդնսի մէջ գումարուած Սահմանադրական ժողովի ժամանակ: Հիմնադիրը, առաջնորդը եւ ոգեշնչողը Գերաշնորհ Տիրան եպիսկոպոս Ներսոյեանն է, որը յետագային դարձաւ Գանադայի թեմի առաջնորդ: Մեծ մտաւորական Տիրան եպս. Ներսոյեանը գործի մղուեց իր հետ բերելով տեսիլքի եւ նուիրուածութեան զգացում երիտասարդներու համար: Ան իր անձնուրաց նուիրուածութեամբ եւ ոգեշնչող առաջնորդութեամբ մարտահրաւերներ կը նետեր երիտասարդներուն թէ հոգեւոր, թէ գիտկան բնագաւառներուն մէջ:

Ամերիքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան ընդլայնումը իրականութիւն դարձուց Տիրան սրբազանի երազը, որն էր, կեանքով լեցուն երիտասարդներ տեսնել Հայ Եկեղեցւոյ մէջ: Քանի որ Գանադան Հարաւային Ամերիքայի առաջնորդարանի մաս կը կազմէր, Գանադայի հայ երիտասարդները եւս սկսեցին աշխոյժ մաս կազմել այդ միութեան:

Գանատական առաջին մասնաճիւղը հիմնադրուեց Թորոնթոյի մէջ 1954թ.ին: Ուրիշ մասնաճիւղեր կային Մոնրեալի (1968թ.) եւ Սենթ Քաթրինի (1962թ.) մէջ: Երեք անգամ Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան ընդհանուր ժողով տեղի ունեցաւ Գանադայի մէջ, երկու անգամ Թորանթոյի եւ մէկ անգամ Մոնրեալի մէջ: Երկու մարզական շաբաթներ կազմակերպուեցաւ Գանադայի մէջ, երկուսն ալ Թորանթոյի մէջ:

1984թ.ին Հայ Եկեղեցւոյ Գանադայի թեմը հռչակուեց որպէս անռանձին հաստատութիւն, անկաղ Ամերիքայի երկու հայ առաջնորդարաններէ (Արեւելեան եւ Արեւմտեան): Առաջնորդական նոր ընտրութիւններէ ոչ շատ անց, Վազգեն արքեպիս. Քեշիշեանը յատնեց իր ցանկութիւնը հիմնել Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւն նորահաստատ առաջնորդարանի համար:1988թ.ի Մայիս 22-ին ան առաջնորդի խորհրդատու կոմիտէ նշանակեց երիտասարդներու համար, որի նպատակն էր հիմնել եւ գոծադրել Գանադայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւնը: Հոգեշնորհ Յովնան Տէրտէրեանը նշանակուեց Երիտասարդաց Միութեան տնօրէն, որու կիմիտեն շուտով դարձաւ  Գանադայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան կեդրոնական խորհուրդը, որը եւ կազմակերպեց նոր Գանադայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւնը:

1988թ.ի Մայիս 28-ին յատուկ սահմանադրական ժողով գումարուեցաւ, որու նախագահը Գերաշնորհ Վազգեն Քեշիշեանն էր:Թորոնթոյի եւ Սենտ Քաթրինի եկեղեցւոյ եռանդուն երիտասարդները նախագծեցին սահմանադրութիւն մը հիմնուած Ամերիքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան սահմանադրութեան վրայ, փաստելով մեր ընդհանուր ակունքները: Ճիշտ այստեղ որոշուեցաւ անմիջապէս տարածել Գանադայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւնը Գանադայի բոլոր ծուխերուն եւ կազմակերպել անոր հիմնադրման համագումար: 1988թ.ի Յունիս18-20ը տեղի ունեցաւ Գանադայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան առաջին տարեկան ընդհանուր ժողովը ` Թորոնթոյի Սուրբ Երորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Վազգեն սրպազանի գլխաւորութեամբ, պատգամաւորներ էին հաւաքուած Թորոնթոյի, Մոնրեալի, Սենթ Քաթրինի եւ Վակնուվերի ծուխերէն, որպէսզի զօրաւոր կերպով արմատացնեն Գանադայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութիւնը: Հաստատուած ճիւղերը1988թ.ի ամռան եւ աշնան ամիսներուն աւելցուցին իրենց անդամներու թիւը եւ ամէն ջանք գործադրեցին ամրագրուելու իրենց համապատասխան համայնքներու մէջ:

Եթէ յետադարձ հայացք նետենք Հարաւային Ամերքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան վրայ ապայ կը տեսնենք, որ այն եղած է համայնքներու պահպանման եւ բարելաւման գլխաւոր գործոնը: