Թեմակալ Առաջնորդը՝ գլուխն է Թեմին եւ Գանատայի մէջ կը ներկայացնէ Նորին Սուրբ Օծութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
Ան նախագահն է եւ գործադիր տնօրէն Թեմական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի բոլոր թեմակալ կազմակերպութիւններուն ու յանձնախումբերուն։
Իր որոշումները բոլոր կրօնական, ծիսական եւ կարգապահական հարցերու մէջ՝ վերջնական են, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ օրէնքներու եւ կանոններու ընդհանուր սահմանին մէջ։
Իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ ան պաշտօնական յարաբերութիւններ կը պահէ ուրիշ եկեղեցիներու, հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ քաղաքային իշխանութիւններու հետ։
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԱԲԳԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ
Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան (աւազանի անունով Սամուէլ) ծնած 23 Յուլիս 1972թ.-ին, Վրաստանի Հանրապետութեան Պաթումի քաղաքին մէջ։
1979 – 1989 թուականներուն Պաթումիի մէջ ստացաւ իր տարրական կրթութիւնը՝ Պաթումիի Ստեփան Շահումեան հայկական դպրոցին մէջ։
1989 – 1995 թուականներուն, ուսանեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Աստուածաբանական Դպրեվանքին մէջ, ու պաշտպանեց իր աւարտական թեզը՝ «Հայ Վարդապետական Մտածողութեան Արձագանգները՝ Մատթէոսի Աւետարանի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի թարգմանութեան» խորագիրով։
1995թ. Գերաշնորհ Անանիա Եպս. Արապաջեանին կողմէ ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ։
2 Յունիս 1996թ.-ին՝ ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Շահէ Արքեպիսկոպոս Աճէմեանին կողմէ եւ ստացաւ քահանայական Աբգար անունը։
1996 – 2001թթ., Հայր Սուրբը կը ծառայէր Վիրահայոց Թեմէն ներս՝ որպէս Վրաստանի Հանրապետութեան Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Հովիւ։
2001 – 2004թթ., Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ շարունակեց իր բարձրագոյն կրթութիւնը, Աւստրիայի Սալզպուրկի Աստուածաբանական Համալսարանին մէջ, ու ստացաւ Աստուածաբանութեան Վարդապետի աստիճան։
2006թ. Հայր Սուրբը պաշտպանեց իր քննախօսութիւնը՝ «Դիոնիսիոս Արիոբագիթը Հայկական Մատենագիտութեան Մէջ» եւ ստացաւ Վարդապետի կոչումը։
2005 – 2010թթ., Հայր Սուրբը ծառայած է որպէս Փոխ-Առաջնորդ Սիւնիքի Հայոց Թեմին՝ օգնելով Առաջնորդին աւետարանչական աշխատանքին եւ յաջողութեամբ կազմակերպած է երիտասարդական քարոզչութիւն՝ Առաջնորդարանին մէջ։
2010 – 2011թթ., Հայր Սուրբը, որպէս Հովիւ կը ծառայէր Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարանի Համիլթընի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ Սէնթ Քաթրինզի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ յարկերու տակ։
2011թ., Հայր Սուրբը նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ։
Մայիս 2014թ.-ին ան ընտրուեցաւ՝ Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ։
16 Նոյեմբեր 2014 թ.-ին, Ծայրագոյն Պատրիարք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի ձեռքով ձեռնադրվեցաւ ու ստացաւ եպիսկոպոսի կոչում, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ։
Սրբազան Հայրը կը խօսի Հայերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, Ռուսերէն, Վրացերէն եւ Պուլկարերէն։