Montreal1Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2014-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեցեցւոյ 44-րդ տարեդարձը։ Այս յատուկ առիթով Եպիսկոպոսական իր Անդրանիկ Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց, Գանատահայոց Թեմի նորօծ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան։ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուան Աւետարանի պատգամը եւ նաեւ՝ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 44-րդ տարեդարձը ու գնահատեց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը։ Այս յատուկ առիթներով, նաեւ ներկայ էին,Եկեղեցւոյ հիմնադիր եւ Գանատահայոց նախկին Փոխ-Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք.եպս. Յովսէփեանը եւ Եգիպտահայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Եկեղեցւոյ Հովիւին, Ծխական խորհուրդին եւ Յարակից Մարմիններուն փափաքով կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ Եկեղեցւոյս ննջեցեալ հոգեւոր դասուն եւ նաեւ՝ Ազգային Բարերարներուն, Սարկաւագաց, Դպրաց Դասի, Ծխական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Յանձնախումբի բոլոր ննջեցեալ անդամներուն համար։ յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Եկեղեցւոյ Մարի Մանուկեան սրահին մէջ մեծաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ Եկեղեցւոյ 44-րդ տարեդարձը, ուր իրենց ներկայութիւնը բերին նաեւ՝ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Սրբազան հայրերը՝ Եկեղեցւոյ հիմնադիր` եւ Գանատահայոց նախկին Փոխ-Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք.եպս. Յովսէփեանը եւ Եգիպտահայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանը։

Montreal2Օրուան հանդիսավարն էր Տիկ. Սիլվա Ամատունի, որ իր կարգին հրաւիրեց Թեմական եւ Ծխական Խորհուրդներու Ատենապետ՝Տիար Մկրտիչ Գանոնճեանը, փոխանցելու իր ողջոյնի եւ սրտի խօսքը։ Ապա, կատարուեցաւ Գնահատագրերու յանձնում Եկեղեցւոյ ծառայութիւն մատուցող անձնաւորութիւններուն, ձեռամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի։

CLICK FOR MORE PHOTOS