Սիրելիներ,

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Այս Խօսքերով կը ողջունեմ ձեզ Սուրբ Յարութեան այս առաւօտ, երբ համայն հայութիւնը եւ ամբողջ Քրիստոնեա աշխարհը կը տօնեն կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ մեր Տիրոջ Սուրբ Յարութեան միջոցով։

Մեզ համար յատկապէս նշանակալից է այսօր, քանզի Աստուածային նախախնամութեամբ մեր պատմութեան ամենէն սեւ էջը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութիւնը կը համապատասխանէ այս մեծ Յաղթանակի օրուան։ Ի՞նչ աւելի մեծ խորհուրդ կարող է լինել մեր կեանքում։ Հայութեան կեանքը Յաղթութեան կեանք է։ Մենք չենք կոչուած մեռնելու ո՜չ հոգեպէս եւ ո՜չ ֆիզիքապէս։ Այս ցեղը իր Յարութենական նկարագրով մերժել է մեռնել, մերժել է մահը եւ ուխտել ապրել։ Հայութիւնը կը վկայէ Յարութեան մասին։

Այսօր մեր գլուխները բարձր են հարգանքով մեր նահատակների եւ նրանց արեան յաղթանակի հանդէպ։

Այսօր մեր սրտերին կը կաթի մեր մարտիրոսներու արցունքն ու աղօթքը, սրբելու մեր հոգիները եւ տեսնելու Յարութեան յաղթանակող լոյսը։

Այսօր մենք մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, երկիր եւ երկինք միացած մեր մարտիրոսներու հետ միասին կը գոչենք՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ

Եւ վերջապէս առաջին եւ ամենէն աւելի Քեզի կը յղեմ իմ աղօթքը . . .

Յարուցեալ իմ ՏԷՐ եւ

Փրկիչ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ

Անուն քաղցր եւ ցանկալի,

Դու ես իմ եւ մեր կեանքի Առաջնորդը

Եւ կը փափաքիմ հանդիպիլ Քեզի համընդհանուր Յարութեան օրը,

Որ պիտի գաս Քո հզօր փառքով։

Այսօր, Քո տաքուկ, սիրող եւ մտերմիկ գիրկի մէջ են մեր 1.5 միլիոն նահատակները,

Ովքեր խառնեցին իրենց արիւնը Քո խաչի արեան

Եւ Քեզ հետ միասին դուրս ելան գերեզմանից յաղթելով մահուան։

Այսօր, Քու Յարութեան լոյսէն եւ յաղթանակէն կաթեցրու մեր հոգիների մէջ։

Դու եղիր մեր օգնականն ու զօրաւիգը

Որպէսզի քեզնով զօրացած՝ կարողանանք ապրել

Որպէս ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, որպէսզի միշտ կարողանանք կրկնել,

ՄԻ ՎՀԱՏՈՒԷՔ

ՙՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՚

ԱՄԷՆ եւ ԱՄԷՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԵՊՍ. ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ, Առաջնորդ

Ապրիլ 24, 2011