ԹՈՐՈՆԹՕ
Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ 98-ամեակ
Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձը: Այս առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ եւ նախագահէ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան: Պատարագէն ետք տեղի պիտի ունենայ տօնական ճաշկերոյթ «Մաղաքեան» սրահին մէջ:
Գանատայի Զինուած Ուժերու Քոլէճի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը
Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2026-ին, Գանատայի Զինուած Ուժերու Քոլէճի սպաներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ ակադեմական տնօրէն փրոֆ. դոկտ. Պարպարա Ֆոլքի, այցելեց Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի: Հիւրերը նախ այցելեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որմէ ետք եկեղեցիէն ներս ջերմօրէն ընդունուեցան Թեմական Փոխանորդ եւ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի կողմէ:
ՄՈՆԹՐԷԱԼ
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Տարեկան Տօնավաճառ
Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Տիկնանց Միութիւնը սիրով կը հրաւիրէ համայնքի անդամները մասնակցելու տարեկան տօնավաճառին՝ վայելելու աւանդական համեղ ուտեստներ, խմորեղէններ եւ ձեռային աշխատանքներ:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼՈՄՊԻԱ
Հայրապետական Մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օծման 27-ամեակին Առիթով
Վանքուվըրի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան եւ օծման 27-րդ տարեդարձին առթիւ, աղօթք բարձրացնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:


