18 Յունուար, 2017-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան հանդիպում ունեցաւ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի յարկէն ներս։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան՝ Գանատահայ համայնքին առօրեայ կեանքին հետ կապուած զանազան հարցեր։ Զրուցակիցները համաձայնեցան ապագային առաւել ընդլայնել իրենց համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայ համայնքի շահերուն։