Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ, 21 Փետրուար 2017-ին հիւրընկալութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ եկեղեցականաց երկրորդ համագումարը, մասնակցութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եւ Գանատայի Անկլիքան հոգեւոր հովիւներու, նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբ. Եպս. Յովակիմեանի եւ Գերշ. Տ. Բաբգեն Սրբ. Արք. Չարեանի։
Համախմբումին նիւթն էր «Վերանորոգումը», որուն լոյսին տակ ներկայացուեցան չորս դասախօսութիւններ։
Համագումարի աւարտին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ, նուիրուած Սրբոց Վարդանանց տօնին, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի միջ-յարանուանական մարմնի։