Մարտ 1-11, 2017-ին, Գանատայի ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդի հրաւէրով եւ Գանատահայոց Թեմի համագործակցութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը պաշտօնական այցով ժամանեց Գանատայ, հոգեւոր գիտելիքներ փոխանակելու եւ ամրապնդելու Հայ-Գանատական հոգեւորականներու համագործակցութիւնը։
Մարտ1-ին Սրբազան Հայրը ժամանեց Մոնթրէալ քաղաքը, ուր կը գտնուի Գանտահայոց Թեմի Առաջնորդարանը։ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանին դիմաւորեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանը։
Մարտ 2-ին Սրբազանները, ընկերակցութեամբ Գանատահայոց Թեմի Դիւանապետ՝ Լեւոն Իսախանեանի այցելեցին Մոնթրէալի մէջ ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» դպրոցը։ Եպիսկոպոսներն այցելեցին երկու դասարաններ, որոնցմէ մէկն էր վերջերս ժամանած Սուրիահայ աշակերտներուն յատուկ դասարանը, որ տրամադրուած է դպրոցի կողմէն անոնց ուսման կարիքները հոգալու համար։ Այս առիթով, փոքրիկներն երգեցին հոգեւոր եւ ազգային երգեր, ինչպէս եւ ստացան ՀՀ ԶՈՒ Առաջնորդ՝ Վրթանէս Սրբազանի օրհնութիւնն ու նուէրները։ Աշակերտներուն հետ հանդիպումէն յետոյ, երկու Սրբազան Հայրերը հանդիպում ունեցան նաեւ դպրոցի տնօրէնութեան հետ ու քննարկեցին ՀՀ ԶՈՒ հոգեւոր ծառայութեան հետ կապուած զանազան նիւթեր։
Երեկոյեան Գանատահայոց Առաջնորդարանի յարկին տակ Տիրախնամ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանն ընդունելութիւն կազմակերպեց ի պատիւ ՀՀ ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդի։ Ընդունելութեան հրաւիրուած էին Մոնթրէալի զանազան եկեղեցական մարմիններու եւ Հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Վրթանէս Սրբազանին հետ տեսակցելու համար։
Միջոցառումի ընթացքին Վրթանէս Սրբազանը ներկայացուց ՀՀ ԶՈՒ-ի հոգեւոր ծառայութեան մասին եւ Աբգար Սրբազանին փոխանցեց վերջերս ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար՝ Տիար Վիգէն Սարգսեանի կողմէն Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդին պարգեւատրուած ՀՀ ԶՈՒ-ի «Անդրանիկ Օզանեան» շքանշանը։
Ուրբաթ օրը, Մարտ 3-ին, երկու Եպիսկոպոսները մեկնեցան Թորոնթոյ, ուր Գանատահայոց Թեմի Փոխ-Առաջնորդ, Թորոնթոյի Հայց. Առաքելական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը ջերմ ողջոյնելով Սրբազան Հայրերը ներկայացուց՝ Գանատայի մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Երիտասարդական կազմակերպութեան անդամ մօտ 20 պատանիներու, որոնք եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին իրենց տարեկան դահուկի պտոյտին մեկնելու օրհնութիւնը ստանալու համար։
Յաջորդ օրը, Մարտ 4-ին, Գերշ. Եպիսկոպոսներն ու Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանն այցելեցին Հայց. Առաքելական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Հայկական Շաբաթօրեայ Դպրոցը։
Նոյն օրը երեկոյեան, Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ՀՀ ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդի պատուին։
Կիրակի օրը, Մարտ 5, 2017-ին, Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպիսկոպոսը մասնակցեցաւ Հայց. Առաքելական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մեջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ու տուաւ իր քարոզը։ Իր կարգին Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկոպոսն ողջունելով յարգարժան հիւրին լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեց անոր։ Ս. Պատարագին միացաւ նաեւ՝ Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղար՝ Վերապատուելի Գարէն Համիլթընը։
Յաւարտ Ս. Պատրագի, Թեմի Առաջնորդի հովանաւորութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ընդհանուր հանդիպում Վրթանէս Սրբազանին հետ եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ։ Այնտեղ Սրբազան Հայրը ՀՀ ԶՈՒ-ի եւ Հայ զինուորներուն մատուցուած հոգեւոր ծառայութեան մասին զեկոյց մը ներկայացուց։ Ան խօսեցաւ մեր զինուորներուն զօրաւոր հաւատքը հաստատելու դրական դերին, անոնց յաղթանակներուն, ինչպէս եւ անոնց դէմ ելած մարտահրաւէրներուն մասին։
ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարի հրամնով՝ Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպիսկոպոսն Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանին պարգեւատրեց ՀՀ ԶՈՒ-ի «Անդրանիկ Օզանեան» շքանշանով, վերջինիս Հայոց Բանակի բարօրութեան նշանակալի ներդրումին ու աջակցութեան համար։
Վրթանէս Սրբազանը նոյնպէս պարգեւատրեց Բարեշնորհ Սարկաւագ Մուրատ Քարաքաշին ՀՀ ԶՈՒ-ի «Գարեգին Նժդեհ» շքանշանով, ԶՈՒ-ի քահանաներու դասին միացած Հայոց Բանակի զինուորներուն հաւատն ու Քրիստոնեական դաստիարակութիւնն ամրապնդելու իր զգալի ներդրումին համար։
Վրթանէս Սրբազանը՝ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ եւ օրուայ արարողութեան կազմակերպիչ Պարոն Մկրտիչ Մկրտիչեանին, ինչպէս եւ Բարեշնորհ Սարկաւագ Պերճ Լուլեճեանին պատուեց, որպէս Հայոց Բանակի բարօրութեան ուղղուած մարդասիրական ներդրումներու կիրառողներ։
Նոյն երեկոյեան, երկու եպիսկոպոսներն ու Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը մեկնեցան մայրաքաղաք Օթթաուա։
Երկուշաբթի առաւօտեան, Գանատայի ԶՈՒ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ, ԳեներալԳիյ Չափտլէյն եւ Հոգեւոր առաջնորդի աշխատակազմի պաշտօնեայ, Փոխ-Հրամանատար Ճենիֆըր Կօսը պանդոկին մէջ դիմաւորեցին Վրթանէս Սրբազանը ու իր հետ ներկայացած պատուիրակութիւնը, ուրկէ բոլորը մէկ մեկնեցան Գանատական Պատերազմական Թանգարանն այցելելու։
Ապա, Եպիսկոպոսները, Թեմական Խորհուրդի անդամ հոգեւորականներ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զագարեանը, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը եւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան ու Թեմի Դիւանապետ Լեւոն Իսախանեանն այցելեցին Գանատայի ԶՈՒ-ի հոգեւոր առաջնորդի գրասենեակը։
Անոնք հանդիպեցան զանազան վարչութիւններու տնօրէններուն հետ, ինչպէս Հոգեւորական գործողութիւններու տնօրէն, Գնդապետ՝ Պարպարա Փութնամը, Հոգեւոր ծառայութեան տնօրէն, Գնդապետ՝ Սիլվայն Մաուրիսը, այնտեղ տեղի ունեցաւ բազմակողմանի ներածական ներկայացում Հոգեւոր Ծառայութեան գործունէունթիւններու մասին, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ հարց-պատասխանի, ուր քննարկուեցան՝ կառուցուածքի, ռազմավարական խնդիրներու, առաջնահերթութիւններու, ներկայ գործողութիւններու եւ հոգեւորականներուն դէմ ելած մարտահրաւէրներու մասին թեմաներ։ Քննարկումէն վերջ Հայ ու Գանատացի հոգեւոր առաջնորդները իրար յուշանուէրներ փոխանակեցին։
Երեկոյեան, պատուիրակութիւնն այցելեց Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, որտեղ անոնք հանդիպեցան Գանատայի մէջ Հայաստանի Հիւպատոս Պարոն Սասուն Յովհաննիսեանին հետ։
Մարտ 7, 2017-ին, Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը, Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը եւ Լեւոն Իսախանեանն այցելեցին Գանատայի Խորհրդարանը, Խորհրդարանի Պալատի Յուշակոթողի առաջ Սրբազան Հայրն ու Արժ. Աւագ Քահանայ Զարգարեանն աղօթեցին ի հանգիստ Գանատացի նահատակ զինուորներու հոգիներուն։
Մարտ 8-ին, Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը, Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը եւ Լեւոն Իսախանեանն այցելեցին Գանատայի Զինուած Ուժերու Հոգեւոր դպրոցը եւ կեդրոնը Օնթարիոյի նահանգի Պորտըն քաղաքի մեջ։ Առաւօտեան, պատուիրակութեան անդամները հանդիպեցան Փոխ-հրամանատար եւ դպրոցի անձնակազմի հետ, ուր ներկայացուեցաւ ԳԶՈՒՀ դպրոցի ու այնտեղ կատարուած դասընթացքներու մասին։
Ապա, հիւրերն այցելեցին դպրոցի դասարաններէն մէկը, ապագայ հոգեւոր սպասաւորներու հետ միատեղ աղօթեցին ու նուէրներ փոխանակեցին, յետոյ պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Հրամանատար, Գնդապետ՝ Լիամ Մաքկրիի հետ։ Կէսօրին տեղի ունեցաւ զորամասի հոգեւոր առաջնորդի ու տարբեր կրոնականներու հետ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց զորամասի յարկին տակ գտնուող զանազան մատուռներու այցելութիւններ ու աղօթքներ։
Մարտ 9-ին, Գերշ. Եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Գերշ. Եպիսկոպոս Յովակիմեանը, Արժ. Աւագ Քհնյ. Զարգարեանն ու Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Պարոն Օհան Յովհաննիսեանն այցելեցին Թորոնթոյի՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին եւ ՀՕՄ-ի ամէնօրայ վարժարանը։
Մարտ 11-ին, Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը մեկնեց Գանատայից դէպի Հայաստան։