23 Փետրուար 2018-ին, Գալկըրիի մէջ տեղի ունեցած՝ տարբեր կրօնական դաւանանքներու պատկանող երիտասարդներու եւ հոգեւորականներու քննարկումներուն ու հանդիպումներուն երրորդ փուլը եզրափակուեցաւ։
Շաբթուան ընթացքին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ, Գալկըրիի Memorial Park Library յարկի տակ հաւաքուեցան 16 տարբեր կրօնքներու եւ դաւանանքներու ներկայացուցիչներ (Քրիստոնեայ, Հրեայ, Մահմետական, Հինդու, Սիխ, Բահայի, եւ Պուտտայական): Հաւաքի նպատակն էր փոխանակել կրօնական գաղափարներն ու անդրադառնալ Գանատայի կրօնական բազմազանութեանը։
Գանատահայոց Թեմի նախաձեռնած «Նշենք մեր բազմազանութիւնը» միջկրօնական երիտասարդական ծրագրի իրականացումը հնարաւոր դարձաւ Գանատայի կառավարութեան օժանդակութեան շնորհիւ։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր «Համաշխարհային Միջկրօնական Համերաշխութեան» շաբթուայ առիթով, որ հռչակուած է 20 Հոկտեմբեր 2010-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի կողմէ։
Գանատահայոց Թեմը, սոյն ծրագիրը պատրաստած է նշելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ հռչակուած «2018 թուականը Երիտասարդութեան Տարի» նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանն իր օրհնութիւնը փոխանցեց ու կարեւորեց երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութեան զարգացման գործընթացը։
Ծրագրի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած նախորդ հանդիպումները կայացան Քէպէք նահանգի Մոնթրէալ եւ Օնթարիոյ նահանգի Թորոնթոյ քաղաքներուն մէջ, իսկ յառաջիկայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ՝ 2018թ. Մարտ 5-9-ին, Պրիթիշ Գոլոմպիայ նահանգի Վանքուվըր քաղաքին մէջ, ուր բարեկամական միջավայրի մէջ պիտի համախմբուին տեղի կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ, զարգացնելու Գանատայի բազմամշակութային երկրի երիտասարդական միջկրօնական երկխօսութիւնը։
Ծրագրի շրջանակներէն ներս կը ստեղծուին՝ վաւերագրական տեսանիւթ եւ կայքէջ, երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու նպատակով։
Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք կարեւորեցին այս նախաձեռնութիւնն ու ընդունեցին մեր հրաւէրը։