Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողով 2018
6-11 Մայիս 2018
Դիմումները կ՚ընդունուին մինչեւ 20 Ապրիլ 2018

Ծրագիր

Ամէն տարի, Գանատայի Աւագաժողովի (Senate) նախագահի հովանու ներքոյ, Օթթաուայի մէջ կը կազմակերպուի Ազգային Աղօթքի Նախաճաշ, ուր Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը հաւաքուին հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչները։

2006 թուականէն սկսեալ՝ Ազգային Աղօթքի Նախաճաշի զուգահեռ կը կազմակերպուի նաեւ Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողով (նախապէս ճանչցուած որպէս Ազգային Ուսանողներու Ատեան), ուր երիտասարդներուն համար՝ Գանատայի Խորհրդարանի շրջանակներէն ներս ծառայող անձերու հետ հանդիպելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի։

Ժողովը կը ստեղծէ կլոր սեղանի շուրջ՝ դպրոցներու, եկեղեցիներու, քաղաքականներու կամ հանրային ոլորտի մէջ հաւատքը զօրացնելու նշանակութեան իմաստը բացայայտելու աջակցող քննարկումներուն մասնակցելու առիթ։

Ժողովը նաեւ առիթ է Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով միաւորուած երկրի համայն համախոհ երիտասարդութեան հանդիպումին։

Գանատահայոց Թեմը կը քաջալերէ Թեմի երիտասարդներուն մասնակցելու Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողովին, ինչպէս նաեւ մաս կազմելու Թեմիս նախաձեռնած լրացուցիչ ծրագիրին։

Մասնակիցները Ի՞նչ կրնան ակնկալել

  • Մասնակիցները հնարաւորութիւն կ՚ունենան շարք մը ղեկավարներու հետ զրուցելու՝ քաղաքականութեան ու առօրեային մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով ներշնչուած անոնց ներգրաւուածութեան մասին։
  • Հնարաւորութիւն կ՚ունենան կլոր սեղանի շուրջ ղեկավարներու հետ հաղորդակցիլ ու քննարկումներ ունենալ։
  • Առիթ պիտի ունենան կապ ու ընկերութիւն հաստատել այլ երիտասարադներուն հետ։
  • Օթթաուայի մէջ կեցութեան շրջանին պաշտօնական ծրագիրի հետ միասին Թեմի կողմէն նախատեսուած է շրջապտոյտ դէպի the Rideau Hall, Գանատայի Ազգային սրահը, Գանատայի Պատմութեան թանգարանը։
  • Թեմի ու Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան համագործակցութեամբ այց կը կազմակերպուի դէպի դեսպանութիւն։

Դիմում եւ ընտրութեան գործընթաց

18-30 տարեկան երիտասարդները հրաուիրուած են մասնակցելու նշուած ծրագիրին։

Մասնակցիլ փափաքող իւրաքանչիւր անհատէն՝ կը խնդրուի ներկայացնել իր կենսագրականն ու դիմումի նամակ (առաւելագոյնը 1 էջ)։ Դիմումի նամակի մէջ պէտք է նշուի ծրագիրին մասնակցելու ցանկութիւնը եւ թէ ինչպէս Դուք կը նպաստէք Ձեր Ծուխի երիտասարդական առաքելութիւնը զարգացնելու գործին։ Ստեղծարար եղէք։ Կը խնդրենք նկատի ունենալ, որ դիմումի գործընթացը մրցակցական է, իսկ ընդունուելու Թեմի որոշումը հիմնուած է դիմումի նամակի հիման վրայ, որուն համար դիմողներուն կը խնդրենք յատուկ ուշարդութիւն դարձնել նամակի բովանդակութեան։

Հաճեցէք մինչեւ 20 Ապրիլ, Ձեր կենսագրականն ու դիմումի նամակն ուղարկել contact@armenianchurch.ca ել-հասցէին, (National Christian Youth Summit) խորագրով։

Դիմումները կը գնահատուին 21 Ապրիլէն սկսեալ եւ դիմողներուն կը տեղեկացուի մինչեւ 25 Ապրիլ։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմեցէք նոյն ել-հասցէին։

Մասնակցութեան սակ եւ պահանջքներ

Գանատահայոց Թեմը կը հոգայ ընտրուած մասնակիցներուն՝ վերադարձի տոմսի, ճաշերու, Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողովին մասնակցութեան տուրքի, Օթթաուայի մէջ հանրակառքի օրական տոմսերու, եւ թանգարաններու մուտքերու տոմսերուն վճարումները։

Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ անդամներն ազնուաբար համաձայն են հիւրընկալել մասնակիցներուն, անոնց Օթթաուայի մէջ գտնուելու շաբաթուան ընթացքին։

Ընտրուած մասնակիցներէն կը պահանջուի վճարել 50 տոլար։