24 Փետրուարի 2019 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց, ճանաչողական այցով մը, Հայաստան ժամանած Գանատայի ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդ Հոգեշնորհ Գիյ վարդապետ Չափտլեյնիին՝ ուղեկցութեամբ Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանին, ՀՀ ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանին եւ Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ Արժանապատիւ Տէր Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեանին:

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ողջունեց երկու երկիրներու Զինուած Ուժերու հոգեւոր առաջնորդներուն փոխգործակցութիւնը՝ այն կարեւոր եւ օգտակար նկատելով փորձի փոխանակման եւ բանակի մէջ հոգեւորականներու ծառայութիւնն առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու տեսանկիւնէն:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձ կատարեց Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդութեան գործունէութեանը եւ եկեղեցականներու ծառայութեանը` ընդգծելով, որ այն կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Նորին Սրբութիւնը փաստեց, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցին ու անոր սպասաւորները մշտապէս կանգնած եղեր են հայ զինուորականի կողքին՝ միասնաբար պայքարելով Հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ Հայոց անկախ պետականութեան կերտման ու պաշտպանութեան համար:

Գանատայի ԶՈՒ առաջնորդը եւս իր այցը Հայաստան լաւագոյն առիթ նկատեց Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդութեան հետ՝ զօրամասերու մէջ հոգեւոր ծառայութեան իրականացման փորձով եւ ոլորտին առնչուող համապատասխան գիտելիքներով կիսուելու: Հոգեշնորհ Վարդապետ Չափտլեյնը եւս կարեւորեց հոգեւորականի՝ զինուորականի կողքին ըլլալը, յատկապէս դժուար պայմաններուն:

Ապա, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, օրհնելով Գանատայի ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդին, անոր մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնը սրբազան եւ պատասխանատու առաքելութեան մէջ: