12 Ապրիլ 2020-ին, Տեառն Մերոյ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնի առիթով՝ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, իրեն առընթերակայ ունենալով՝ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանն ու Արժ. Տ. Գէորգ քահանայ Աբեանը:

Պատարագի ընթացքին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի Հայոց ազգիս ուղղուած հայրապետական ուղերձը:

Աւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրն ու Հոգեւոր Հայրերը կատարեցին Տնօրհնէքի արարողութիւնը: