24 Ապրիլ, 2020-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու յիշատակութեան օրը, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանի հանդիսապետութեամբ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Դաւիթ քահանայ Մարգարեանը, առընթերկայ պատարագակից ունենալով Արժանապատիւ Տէր Գէորգ քահանայ Աբեանն ու Բարեշնորհ Նորիկ սարկաւագ Գրիգորեանը:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրն ու հոգեւոր հայրերը, ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն կատարեցին՝ Լաւալի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի դիմաց: