Սիրելի Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամի աջակիցներ,
2020 թուականը մեր ազգի համար ողբերգական տարի մը եղաւ: Կորուստի ցաւով տանջուեցաւ ոչ միայն Արցախահայութիւնը, այլեւ ամբողջ Հայ ազգը:
Թշնամու հարուածի տակ ինկած մեր հայրենակիցներէն շատ-շատեր կորսնցուցին իրենց հարազատները, զաւակները, տուները, ուրիշներ ինկան հաշմանդամութեան կապանքի տակ, բիւրաւոր երեխաներ որբացան, անհամար օճախներ քանդուեցան:
Այս դժուար պահին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ մեր քոյրերն ու եղբայրները կարիքն ունին բոլորիս բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեանը: Ազգային պարտք է՝ կամքէ անկախ տառապանք ապրող Հայ երեխային օգնութեան ձեռք մեկնելը եւ ինչ որ չափով անոր թշուառութիւնները մեղմացնելը:
Ուստի, Գանատահայոց Թեմի յարակից Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամի «CFFA»-ի անունով մեր կոչը կ’ուղղենք համայն Գանատահայութեանը, խնդրելով շարունակել կատարել Ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որ պիտի նպաստեն Արցախի պատերազմին զոհուածներու, վիրաւորուածներու կամ անյայտ կորածներու ընտանիքներուն ծառայող ծրագրերուն:
Կ’աղօթենք առ Բարձրեալ Աստուած, որ Սուրբ Աջի զօրութեամբ պահէ ու պահպանէ Ազգիս Հայորդիները, խաղաղութիւն շնորհէ Արցախ աշխարհին ու Մայր Հայաստանին:
Աստուած օրհնէ Ձեզ եւ Ձեր սիրելիները:
Աղօթքով՝
Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի