$
Select Payment Method
Personal Info

Billing Details

Donation Total: $365.00

Սիրելի Գանատահայ հաւատացեալներ, 
Աւարտին կը մօտենայ 2020 թուականը: Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի համար հոգիի թելադրանք է գոհութիւն եւ փառք մատուցել Ամենակարող Աստուծոյ, մեր կեանքի ամէն վարկեանի, ունեցած ձեռքբերումներու եւ յաղթահարուած դժուարութիւններուն համար:

2020 թուականը դարձաւ ընդհանրապէս աշխարհի եւ մանաւանդ Հայ ազգի համար աննախադէպ մարտահրաւէրներու տարի մը:

Համաճարակի պատճառով ստեղծուած կացութիւնը խափանեց հասարակութեան բնականոն առօրեան: Թեմը առաջին օրէն իսկ, իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգեւոր սնունդի մատակարարումը անպակաս պահելու նպատակով՝ ի գործ դրաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներու ու ժամերգութիւններու առցանց հեռարձակումը:

Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պեյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով հիմնադրուեցաւ «Պեյրութի Օգնութեան հիմնադրամ»-ը, ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջոցով, իւրաքանչիւր սրտաբուխ նուիրատուութիւն փոխանցուեցաւ անմեղ զոհերու ընտանիքներուն:

Սեպտեմբեր 2020-ին, ազերի-թրքական թշնամու նենգ հարուածի տակ ինկած մեր հայրենակիցներէն շատ-շատեր կորսնցուցին իրենց հարազատները, զաւակները, տուները: Ուրիշներ ինկան հաշմանդամութեան կապանքի տակ: Բիւրաւոր երեխաներ որբացան: Անհամար օճախներ քանդուեցան: Անհրաժեշտութեան բերումով առաջ եկաւ «Արցախի Մարդասիրական Հիմնադրամ»-ը, որ կը նպաստէ Արցախի պատերազմին զոհերու, վիրաւորներու կամ անյայտ կորածներու ընտանիքներուն նկատմամբ հոգատարութեան ծրագրերուն:

Տեղին է նշել, որ Ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւններու առաջին մասը (250 000 ամերիկեան տոլար), ս.թ. Հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջոցով փոխանցուեցաւ «Հայաստան Համահայկական հիմնադրամ»-ին:

2020-ի ծանր պայմանները շրջանցելով, Թեմի յարակից «Հայասատանի Երեխաներու հիմնադրամ» CFFA-էն, չզլացաւ իր գործունէութեամբ օգնութեան ձեռք մեկնելու՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կամքէ անկախ տառապանք ապրող կարիքաւոր երեխաներուն, համագործակցութեամբ՝ Վայոց թեմի:

Թեմի կայքէջի ու շրջաբերականներու միջոցով պարբերաբար կը տեղեկացնենք Թեմի բոլոր ծրագրերու մասին, որոնք մեծ ջանքեր ու նիւթական աջակցութիւն կը պահանջեն։

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,
Այս Ճակատագրական պահին, ազգային պարտք ու ակնածանք է շարունակել աջակցիլ մեր հայրենակիցներուն ու Սուրբ եկեղեցւոյն: Ուստի, Ձեզի կը դիմեմ խնդրանքով նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցիլ Մայր Եկեղեցւոյս առաքելութեանը:

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալ Աստուած, որ Սուրբ Աջի զօրութեամբ պահէ ու պահպանէ Ազգիս Հայորդիները, խաղաղութիւն շնորհէ Արցախ աշխարհին ու Մայր Հայաստանին:

Աստուած օրհնէ Ձեզ եւ Ձեր սիրելիները։ Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ.
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

Աղօթքով՝
Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց