Գանատահայոց Թեմն իր 42-րդ Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը գումարեց 2026 Մայիս 29-31-ին, Համիլթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Յոբելենական ոգիով, այս տարուան Ժողովը յատուկ գումարուեցաւ Համիլթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որ իր հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդին ծառայութեան մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի նախագահութեամբ գումարուած Ժողովին մասնակցեցան Գանատահայոց Թեմի բոլոր ծուխերէն ժամանած հոգեւոր եւ աշխարհական պատգամաւորները՝ խորհրդակցելու եւ որոշումներ կայացնելու Թեմի հոգեւոր առաքելութեան, վարչական գործունէութեան, կրթական ծրագրերուն եւ հովուական ծառայութեան վերաբերող կարեւոր հարցերու շուրջ։
Ժողովը մեկնարկ առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ գումարուած հոգեւորականաց ժողովով։ Պատգամաւորական ժողովի առիթով, այս տարի եւս, մասնակիցները արժանացան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն փոխանցուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեան ու հայրական ողջոյնին։
Ժողովի յատկանշական պահերէն մէկը եղաւ ԱՄՆ-ի Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի երկարամեայ տեսուչ Արժանապատիւ Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Չեւեանի ներկայացուցած զեկոյցը, որուն ընթացքին ան համապարփակ կերպով ներկայացուց Ճեմարանի առաքելութիւնը, ուսումնական ծրագիրները եւ եկեղեցական ու աշխարհական առաջնորդներու պատրաստութեան ուղղուած կազմաւորման ծրագիրները։
Ժողովի ընթացքին պատգամաւորները անդրադարձան Թեմական Խորհուրդի, Դիւանի, Մնայուն Հիմնադրամի, «Արարատ» ճամբարի, Տիկնանց Կեդրոնական Վարչութեան, Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամի, Հայ Արդ Տուն ծրագրի եւ թեմի հովանիին տակ գործող այլ կառոյցներու ու ծառայութիւններու գործունէութեան վերաբերող զեկոյցներուն։ Թեմի տարբեր ծուխերէ ժամանած պատգամաւորները նաեւ առիթ ունեցան կիսուելու իրենց ծուխերու ձեռքբերումներով, մտահոգութիւններով ու ապագայի տեսլականներով՝ ի նպաստ բովանդակալից քննարկումներու, որոնց նպատակը Գանատայի տարածքին Թեմի առաքելութեան եւ ծառայութեան առաւել զօրացումն ու զարգացումն էր։
Ժողովի ընթացքին, Թեմիս Փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը, ելոյթ ունենալով ներկայացուց համայնքի բարգաւաճման ու զարգացման ի շահ, պատմական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւն մը, որ արժանացաւ պատգամաւորներու հաւանութեան ու բարձր գնահատանքին։ Ծրագիրը կը նախատեսէ բազմագործառոյթ համապարփակ համալիրի մը կառուցումը, որ պիտի կոչուի սպասարկելու Հայ համայնքին, անոր օրէ օր աճող կարիքներուն, ինչպէս նաեւ ծառայելու գալիք սերունդներուն՝ որպէս հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ համայնքային կեդրոն։
Առաջադրուած ծրագրի շրջանակէն ներս, նախատեսուած է կերտել՝ տարեցներու բնակութեան կեդրոն, բնակելի շէնքեր, «Բարեւ» Հասարակական Կեդրոն, հանդիսասրահ, մանկապարտէզ եւ մարզասրահ։ Որպէս համայնքի ապագային ուղղուած վերափոխիչ եւ հեռանկարային ներդրում, այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի աւելի լայն աջակցութիւն եւ նոր հնարաւորութիւններ ընձեռելու՝ տարեցներուն, երեխաներուն, երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն, միաժամանակ ամրապնդելով հայկական հաւատքը, մշակոյթը, ինքնութիւնը եւ համայնքային կեանքը։
Ժողովականները, իրենց խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, միաձայն վերահաստատեցին իրենց լիակատար եւ անվերապահ որդիական նուիրուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Անոնք վերահաստատեցին իրենց անսասան կապուածութիւնը Հայոց հոգեւոր գահին՝ ընդգծելով Մայր Աթոռի առանցքային դերակատարութիւնը Հայ ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց անխախտ զօրակցութիւնը անոր սրբազան առաքելութեան՝ աշխարհասփիւռ հայութեան հաւատքը, միասնութիւնն ու ազգային ինքնութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու գործին մէջ։
Ժողովը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգի կեանքին առնչուող վերջին զարգացումներուն կապակցութեամբ։ Ան անընդունելի նկատեց Հայաստանի մէջ հոգեւորականներու նկատմամբ շարունակուող հետապնդումներն ու թիրախաւորումները, ինչպէս նաեւ այն գործողութիւններն ու արտայայտութիւնները, որոնք կը նսեմացնեն, կը խաթարեն կամ կը փորձեն արժեզրկել դարերու ընթացքին ձեւաւորուած այն հոգեւոր, բարոյական, մշակութային եւ ազգային արժէքները, որոնք սերունդէ սերունդ պահպանած եւ ամրապնդած են Հայ ժողովուրդի գոյութիւնն ու ինքնութիւնը։
Աւելին, Ժողովը խստիւ դատապարտեց այսպէս կոչուած «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բարեկարգման Խորհուրդ»-ի նախաձեռնութիւնը՝ զայն նկատելով անօրինական եւ հակասական Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնական կարգին, սրբազան աւանդութիւններուն եւ եկեղեցական կառավարման սկզբունքներուն։ Պատգամաւորները վերահաստատեցին, որ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելու, անոր աստիճանակարգ կառուցուածքը խաթարելու կամ հոգեւոր հեղինակութիւնը կասկածի տակ առնելու արտաքին որեւէ փորձ կը հանդիսանայ սպառնալիք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միասնութեան, ամբողջականութեան եւ անկախութեան։
Ապա, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի նախագահութեամբ, եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ նորատունկ ծառերու օրհնութեան արարողութիւն, որ դարձաւ աղօթք ու գոհաբանութիւն՝ Աստուծոյ ստեղծագործութեան նկատմամբ քրիստոնէական վերաբերմունքի արտայայտութիւն։ Արարողութիւնը նաեւ յիշեցում եղաւ հաւատացեալներուն՝ իրենց պատասխանատուութեան մասին Տիրոջ պարգեւած արարչագործ աշխարհի պահպանման եւ հոգատարութեան։
Ժողովն իր աւարտին հասաւ եզրափակիչ հանդիսաւոր ճաշկերոյթով, ուր ներկայ էին հոգեւորականներ, պատգամաւորներ, բարերարներ եւ հաւատաւորներ, իսկ երեկոն իրենց ներկայութեամբ զարդարեցին օրուայ պատուոյ հիւրեր՝ Տէր եւ Տիկին Կարօ Թովմասեանները։ Երեկոյի ընթացքին, նաեւ յատուկ կերպով նշուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակը։ Անոր երեք տասնամեակներու նուիրեալ հովուական ծառայութեան, հոգեւոր առաջնորդութեան եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ ծառայութեան համար, Թեմական Խորհուրդի եւ Գանատահայոց Թեմի ծուխերու անունով Գերաշնորհ Սրբազանին մատուցուեցաւ նուէր մը՝ ի նշան երախտագիտութեան։
Գանատահայոց Թեմի 42-րդ Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը դարձեալ վկայութիւն հանդիսացաւ Թեմի կենսունակութեան, միութեան եւ անսասան հաւատարմութեան իր սրբազան առաքելութեան՝ Աւետարանի քարոզութեան, հաւատացեալներու հոգեւոր կերտուածքի ամրապնդման եւ ամբողջ Գանատայի տարածքով մէկ Հայ համայնքին ծառայութեան գործին մէջ։
Սեղմել այստեղ կարդալու համար 2025 թուականի Թեմական տարեգիրքը
Սեղմել այստեղ կարդալու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի պատգամը
Սեղմել այստեղ կարդալու համար Գանատայի Վարչապետ՝ Ն.Վ. Մարք Քարնիի պատգամը


