5 Յունուար, 2019 երեկոյեան, Centre Armenie կեդրոնէն ներս, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց Գանատահայոց բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, առընթերակայ ունենալով Ս. Խաչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը եւ Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը:
Արարողութեան երգեցողութիւնը գեղեցկօրէն կատարեց «Էջմիածին» դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ Վահէ Սրկ. Բուչիկեանին: Ս. Պատարագի ընթացքին Սուրբ Գրային ընթերցումներ կատարեցին խումբ մը Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, ինչպէս նաեւ Ս. Խորանին ծառայող դպիրները: Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւնը, ապա յաջորդեց խրախճանք կազմակերպութեամբ՝ Ս. Խաչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան:


