6 Յունուար 2019-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, առընթերկայութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանի։ Հիւրաբար նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արժ. Տ. Տրդատ քահանայ Թաշճեանը։ Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։
Մայր Եկեղեցւոյ սիւներէն, երկարամեայ բարերար Տիար Գրիգոր Տիգրանեանը օրհնուեցաւ այս տարուան Ջրօրհնէքի արարողութեան կնքահայրը ըլլալով։
Այնուհետեւ, Ծուխի անդամները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ Մարի Մանուկեան սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Ծխական Խորհուրդի կազմակերպած Սուրբ Ծննդեան ճոխ ճաշկերոյթը։