7 Յուլիս 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը ներկայ գտնուեցաւ, Քէպէք նահանգի, Սենթ Զօթիքի մէջ, Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Տարեկան դաշտագնացութեան:

Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեանի գլխաւորութեամբ, Ծուխի ամէն տարիքի հաւատացեալները հաւաքուեցան զուարճալի խաղեր խաղալու, Հայկական երաժշտութիւն լսելու եւ համեղ կերակուր ուտելու: