9 Յուլիս 2019-ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի հրաւէրով, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը ներկայ գտնուեցաւ Քէպէք քաղաքի (the Citadelle) Գանատայի գլխաւոր նահանգապետի պաշտօնական նստավայրի մէջ, տեղի ունեցած դեսպանի հաւատարմագրերու յանձման արարողութեանը, ուր դեսպան Յարութիւնեանը իր հաւատարմագրերը յանձնեց Գանատայի գլխաւոր նահանգապետ վսեմաշուք տիկին Ժուլի Բայէթին:

Գանատայ ժամանող նոր նշանակուած դեսպանները, մինչեւ իրենց պաշտօնը ստանձնելը, կ’արժանանան Գանատայի գլխաւոր նահանգապետի կողմէն բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեան: Հաւատարմագրման նամակները, այն պաշտօնական փաստաթղթերն են, որոնցմով նոր նշանակուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները, իրենց երկիրներու ղեկավարութեան կողմէն կը ներկայացուին որպէս երկրի պաշտօնական ներկայացուցիչներ:

Photo credit: MCpl Mathieu Gaudreault, Rideau Hall