Դեկտեմբեր 16, 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, ուղեկցութեամբ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանի ու Դիւանապետ Տիար Լեւոն Իսախանեանի մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, տեղի ունեցած ընդունելութեանը՝ ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ազնուափայլ Տիկին Էլիսոն Լը-Քլերի (նստավայրը՝ Մոսկուա), հիւրնկալութեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ազնուազարմ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի:

Միջոցառումին ներկայ էին Գանատայի Արտաքին Գործերու նախարարութեան շարք մը պաշտօնեաներ, Գանատայի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Ալեքսանտր Տարչիեւը, ինչպէս նաև Գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հոծ բազմութիւն մը։

Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնները փոխանցեց նորանշանակ դեսպան Լը-Քլերին, անոր յաջողութիւն մաղթելով ստանցնած առաքելութիւնը կատարելու՝ ի շահ երկու ժողովուրդներու: