15 Դեկտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ 49-ամեակի առիթով Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցեց Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, իրեն առընթերակայ ունենալով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Դաւիթ քահանայ Մարգարեանը եւ Արժ. Տէր Գէորգ քահանայ Աբեանը:

Այս առիթով, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ազնուազարմ տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանը, դեսպանատան անձնակազմի ուղեկցութեամբ ներկայ գտնուեցան Սուրբ Պատարագին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ տարեդարձի տօնակատարութեանը:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հօր օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ յուշատախտակի բացումը՝ ի պատիւ Տոքթ. Արթօ Տէմիրճեանին եւ իրեն ընտանիքին, առ ի երախտագիտութիւն Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյս վերանորոգման կապակցութեամբ Տէմիրճեան ընտանիքի կատարած հսկայական նուիրատուութեան համար:

Հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, հաւատացեալները հաւաքուեցան Մարի Մանուկեան սրահին մէջ, նշելու եկեղեցւոյս տարեդարձը, ուր եւս տեղի ունեցաւ բարեջան Սրբազան Հօր, հոգեւոր հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի կողմէն Ծխական Խորհուրդի օժանդակ մարմիններու նուիրեալ շարք մը անդամներու պարգեւատրումը: