23 Օգոստոս 2020-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի առիթով՝ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց, Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ:

Արարողութեանը ներկայ գտնուեցան նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ազնուազարմ տիկին Անահիտ Յարութիւնեանն ու Հիւպատոս Տիար Արա Մկրտչեանը:

Աւարտ արարողութեան, տեղի ունեցաւ զբօսախնջոյք մը, ուր հաւատաւորները վայելեցին գեղեցիկ արեւոտ եղանակը եւ մանուկներն իրենց խաղերով ու հրճուանքով գունաւորեցին մթնոլորտը: