Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,
Խոր ցաւով եւ կսկիծով երեկ տեղեկացանք Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պեյրութի մէջ պատահած ուժեղ պայթումի մասին, որը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 4 Օգոսոտս 2020-ին, եւ խլեց աւելի քան հարիւր մարդու կեանք, իր հետին ձգելով հսկայական վնասներ եւ ահռելի աւերածութիւններ:
Այս ողբերգական պահին՝ Լիբանանի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Հայ համայնքը կարիքն ունին մեր աղօթքներուն եւ աջակցութեանը:
Ի պատասխան աղետալի պայթումի հետեւանքով առաջացած մարդկային ճգնաժամին՝ Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը հրաւիրեց սիրելի մեր քոյրերն ու եղբայրներն ի Քրիստոս աղօթելու անմեղ զոհերու հոգիներու հանգստութեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար:
Կը խնդրուի նկատի առնել, որ այս Կիրակի 9 Օգոստոս 2020-ին, Գանատայի բոլոր Հայ Առաքելական եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթքներ պիտի մատուցուին առ Բարձրեալ Աստուած եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Այս առիթով, Թեմը հիմնադրեց Պեյրութի Օգնութեան հիմնադրամը: Իւրաքանչիւր անձ կարող է իր սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կատարել Թեմին կամ տեղի ծուխին: Նուիրատուութիւնները կը փոխանցուին անմեղ զոհերու ընտանիքներուն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջոցով:
Թող Աստուած իր օրհնութեան ներքոյ պահէ ու պահպանէ Լիբանանն այսօր եւ յաւիտեան: Ամէն: