Գանատահայոց Թեմի 37-րդ Տարեկան Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ առցանց՝ Մայիս 29, 2021-ին:

Ժողովը նախագահեց Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը:

Այս առիթով, համայն Հայութեան նուիրական սրբավայրէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ն իր Հայրապետական օրհնութիւնները յղեց:

Նոյն կապակցութեամբ, Գանատայի կառավարութեան անունով, երկրի Վարչապետ Վսեմաշուք Տիար Ճասթըն Թրուտոն իր ողջոյնի խօսքն ուղղեց ժողովի մասնակիցներուն, անոնց յաջողութիւններ մաղթելով:

Առ ի ամփոփում 2019-2020 Թեմական գործունէութիւններուն՝ պատգամաւորներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ Տարեկան Զեկոյցի գրքոյկն ու Տարեգիրքը հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:

Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան Թեմի առաքելութիւններու՝ Տիկնանաց Կեդրոնական Վարչութեան (WGCC), Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամի (CFFA), Կատարողական Արուեստներու Գանատահայ Ընկերակցութեան (CAAPA), Արարատ ճամբարի, ինչպէս նաեւ Դիւանապետի եւ Թեմի Մնայուն Հիմնադրամի տեղեկագրերը:

Ըստ ժողովի որոշումին՝ յաջորդ տարեկան Պատգամաւորական ժողովը կը գումարուի Մոնթրէալի Սուրբ Գրիրոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ:

28 Մայիս 2021-ին, տեղի ունեցաւ Գանատահայոց Թեմի Հոգեւորականաց դասի առցանց հերթական ժողովը, նախագահութեամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի:

Սեղմել այստեղ կարդալու համար 2019-2020 թուականի Թեմական տարեգիրքը

Սեղմել այստեղ կարդալու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի պատգամը

Սեղմել այստեղ կարդալու համար Գանատայի Վարչապետ՝ Ն.Վ. Ճասթըն Թրուտոյի պատգամը