Այսօր, լրացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ազնիւ ու նուիրեալ, Գանատահայոց Թեմի, Թորոնթոյի Հայ համայնքայի կեանքէն ներս տասնեակ տարիներ շարունակ անբասիր ծառայութիւն մատուցած մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ ու հաւատարիմ զաւակներէն մէկուն լուսահոգի Տիար Արա Պոյաճեանի քառասունքը:
1952-ին, Լիբանան, Պէյրութի մէջ ծնած հանգուցեալ Արան, իր նախնական ուսումը ստացած էր Սահակ Մեսրոպեան վարժարանէն ներս, ապա Յովակիմեան Մանուկեան վարժարանի մէջ: 1973-ին, իր ուսուման ճանապարհը շարունակելով «Electrical Engineer» կոչումով վկայուած է Մոնթրէալի «McGill» համալսարանէն, 1976 հաստատուած Թորոնթո, իր եղբօր հետ «Real Estate Development» ընկերութեան հիմնաքարը դնելով:
1985 ամուսնացած է Գալապրինա Տասէնզոյի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով Թալար, Կարէն եւ Սարմէն, իսկ հետագային մէկ սիրասուն թոռնիկով Արթօ:
Հոգելոյս Արա Պոյաճեանն իր ազգասէր ու եկեղեցանուէր ոգով զգալի ներդրում բերած է Առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցւոյ պայծառացմանը, Գանատահայոց Թեմի շինութեանն ու ազգային-եկեղեցական կեանքի զօրացմանը:
Սիրելի Արան իր կեանքը զարդարած էր Աստուածահաճոյ, բարի, արդիւնաւէտ ընթացքով:
1981-էն, եղած է Թորոնթոյի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան խորհուրդի անդամ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ, ՀԲԸՄ ժրաջան անդամ եւ Զօրեան հիմնարկի աջակից:
1982-էն, ծառայած է Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ անդաստաններէն ներս, որպէս Ծխական Խորհուրդի անդամ, ապա, իր ազնիւ ծառայութիւնն ընդլայնելով՝ եղած է Թեմական պատգամաւոր, նորակառոյց եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբի նախագահ, գերեզմանատան յանձնաժողովի նախագահ, ինչպէս նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ:
Ողբ. Պարոն Պոյաճեանը, Թորոնթոյի Գանատահայ Գործարար Խորհուրդի (CABC) հիմնադիր անդամ էր: 1988 Մայիսին դարձաւ անոր տնօրեններու խորհուրդի անդամը, այնուհետեւ, CABC- ի առաջին փոխնախագահը:
1991-ին, արժանացաւ երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգեն Ա-ի կողմէն շնորհուած կոնդակին ու պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով` Հայ եկեղեցւոյ եւ Էջմիածինի Սուրբ Աթոռին մատուցած իր ծառայութիւններուն համար:
Ան նաեւ,1993-ին հիմնադրուած «Համահայկական Հիմնադրամ»-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ էր, ինչպէս նաեւ մինչեւ 2011 հիմնադրամի մասնաճիւղի գանձապետը, իսկ 2007 – 2014 թուականներուն եղած է «Հայաստան Համահայկական» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ, ու հիմնադրամի «Ոսկեմատեան»-ի մէջ դրոշմած է իր անունը, որպէս բարերար:
2002-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Երախտագիտութեան շքանշանով»` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իր ներդրումներուն, ինչպէս նաեւ Համահայկական հիմնադրամին մատուցած ծառայութիւններուն համար:
2010, Մարտ 20-ին, Արցախի Նախագահ Բագո Սահակեանի կողմէն պարգեւատրուած է «Երախտագիտութեան շքանշան»-ով, որպէս «Հայաստան Համահայկական» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ, որ Արցախի մէջ, տնտեսական եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման գործին ունի իր երկարամեայ ներդրումը:
2001-ին, Գանատահայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի անդամ ըլլալով, զբաղեցուցած է գանձապահի եւ քարտուղարի պաշտօնները, ապա, 2007 – 2014-ին, ստանցնած է Գանատահայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետի պատասխանատուութիւնը, այնուհետեւ, 2019-ին, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Թեմի՝ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնը գնելու հարցին:
Բացի իր ազգային ու համայնքային գործունէութիւններուն, հանգուցեալ Տիար Արան բարեխիղճ ու ուժեղ վճռականութիւն ունեցող մարդ էր, անիկա շատ սուր միտք ունէր եւ իր կազմակերպչական հմտութիւններով կը կարողանար յաղթահարել իր դէմ ելած մարտահրաւէրները:
Գանատահայոց Թեմի, Հոգեւորաց դասի, Թեմական Խորհուրդի, եւ ողջ հաւատաւորներուն համար անդառնալի կորուստ է հանգուցեալ Արա Պոյաճեանի մահը:
Սիրելի Արան կը մնայ մեր յիշողութիւններուն եւ Գանատահայոց Թեմի պատմութեան մէջ, որպէս հաւատքի եւ ազգային նկարագրի օրինակելի տիպար, որ իր կենսագրութեամբ ներդաշնակօրէն համատեղեց հոգեւորն ու ազգայինը եւ այդպիսով իր անուրանալի ներդրումը բերաւ ու ոսկէ տառերով իր անունը դրոշմեց Թեմի պատմութեան էջերուն վրայ:
Կ՚աղօթենք որ Տէրն իր սիրոյ եւ ողորմութեան ներքոյ ընդունի ննջեցեալի հոգին ու յաւիտենական հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւէ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: