19 Սեպտեմբեր 2021-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, իրեն առընթերակայ ունենալով Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեանը, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի Գերշ. Սրբազան Հայրն օծեց Հայաստանի մէջ Հայ քանդակագործներու ձեռքով ստեղծագործուած երկու հոյակապ խաչքարերը:

Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Արժ. Տ. Կոմիտաս քահանան կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեան սրբատառ կոնդակն ուղղուած Տէր եւ Տիկին Արտէն եւ Քրիստինէ Տէրվիշեաններուն, իսկ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը Տէր եւ Տիկին Տէրվիշեաններուն յանձնեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի շքանշանը: