21 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հայասատանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, ուղեկցութեամբ՝ Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեանի եւ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանի, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Մկրտիչ Գանոնճեանի եւ դիւանապետ Տիար Լեւոն Իսախանեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային Մայրաքաղաքի շրջանի եւ Քէպէքի համայնքներու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, Գանատայի մօտ Հայաստանաի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ազնուազարմ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի հրաւէրով մասնակցեցան Օթթաուայի մէջ, քաղաքապետարանի դիմաց Դրօշ բարձրացնելու արարողութեանը:

Յաւարտ արարողութեան, ՀՀ դեսպանութեան յարկի տակ, մասնակիցները վայելեցին դեսպան Յարութիւնեանի հիւրընկալութիւնը: