Գանատահայոց Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ծխական խորհուրդի աջակցութեամբ, 1 Յուլիս 2023-ին, կազմակերպուեցաւ Գանատայի Օրուայ տօնախմբութիւն՝ հովանաւորութեամբ Գանատայի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի։ Սոյն ձեռնարկը իրականացաւ Գանատական Ժառանգութիւն բաժանմունքի օժանդակութեամբ։

Այս առիթով, Նորայգ Հայկական Պարախումբը յատկապէս հրաւիրուած էր Օթթաուայէն՝ հրամցնելու գեղեցիկ եւ իւրայատուկ Հայկական աւանդական պարերը, գրաւելով եւ հիացնելով ներկաները։

Մեր խորին շնորհակալութիւնները կ՛ուղղենք բոլոր անոնց որոնք իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները չխնայեցին յաջողցնելու համար այս ձեռնարկը։ Բոլորին վարձքը կատար։