Ապրիլ 5, 2017-ին Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարանի յարկի տակ, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանն ընդունեց «Faith in Canada 150» նախաձեռնութեան տնօրէն՝ Պարոն Կրէկ Բենոէրն ու «Cabinet of Canadians» համախումբի նախագահ՝ Տօքթ. Անտրու Պաննեդը։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Քննարկման ենթարկուեցան նաեւ՝ Յունիս 30-ին Օթաուայի մէջ տեղի ունենալիք «Faith in Canada 150» տօնակատարութեան հովանաւորութիւնն ու Հայաստնեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութիւնը «Cabinet of Canadians»-ի մէջ։

«Faith in Canada 150» ծրագիրը կ’իրականացնէ Գանատայի Քրիստոնէական վերլուծական Cardus կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է 2017 թուականի տօնակատարութիւններուն շրջանակէն ներս ներկայացնել հաւատքի դերը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։