Հոգեգալուստի տօնի եւ Գանատահայոց Թեմի Պատգամաւորական 39-րդ ժողովի առիթով, Կիրակի օրը, Մայիս 28-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ պարգեւասէր բարերար Տէր եւ Տիկին Արտէն Տէրվիշեաններու կողմէն Սուրբ Խորանին նուիրած Աստուածածին Սրբուհի Մարիամի սրբապատկերի օծումը:
Սրբազան Հայրն իր օրհնութիւնը փոխանցեց եւ երախտագիտութիւն յայտնեց նուիրատու բարերարներ Տէրվիշեան ընտանիքին: Սուրբ Պատարագին իր աղօթքներով միացաւ նաեւ Եգիպտահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանը: Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան Հօր առընթերակայ էին՝ Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանն ու Լաւալի Սուրբ Խաչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն հետ: Նշանակալից այս առիթին, ներկայ էր նաեւ՝ Թեմի պատգամաւորներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: