Մարտ 2, 2017-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանն ընդունելութիւն կազմակերպեց ՀՀ ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի պատուին։
ՀՀ ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդին հետ հանդիպելու նպատակով՝ միջոցառումին հրաւիրուած էին Մոնթրէալի զանազան եկեղեցական մարմիններու եւ Հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Գերշ. Տէր Վրթանես Եպիսկոպոսը ներկաներուն խօսեցաւ ՀՀ ԶՈՒ հոգեւոր ծառայութեան մասին։
Այս առիթով ՀՀ ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդը՝ Գերշ. Տէր Աբգար Յովակիմեանին փոխանցեց վերջերս ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարի կողմէն Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդին պարգեւատրուած ՀՀ ԶՈՒ-ի «Անդրանիկ Օզանեան» շքանշանը։
Տեղին է նշել, որ Մարտ 1-11, 2017-ին, Գանատայի ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդի հրաւէրով եւ Գանատահայոց Թեմի համագործակցութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը պաշտօնական այցով հասած է Գանատայ, հոգեւոր գիտելիքներ փոխանակելու եւ Հայկական ու Գանատական ԶՈՒ հոգեւորականներու համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղիները քննարկելու նպատակով։