22 Ապրիլ, 2017-ին, Գանտահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ, Տիկին Հիլտա Թորշուճու-Սաքարի կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Տարեկան Արիւնահաւաք ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակացն։

14 տարիէ ի վեր, Մոնթրէալի ու Լավալի Հայ համայնքը՝ Գանատահայոց Տիրախնամ Թեմի հովանու ներքոյ ու «HEMA-Quebec»-ի հետ համագործակցութեամբ, կը կազմակերպէ արիւնահաւաք ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին։

Շուրջ 102 Հայ եւ հայասէր արիւնատուներ, որոնց շարքին էր նաեւ Լավալի քաղաքապետ Յարգարժան Տիար Մարք Տեմերսը, իրենց արիւնը պարգեւելով մասնակից եղան միջոցառումին։