24-25 Մայիս, 2017-ին, Օթաուայի Ս. Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհն. Պոյաճեանն ու Թեմի դիւանապետ՝ Տիար Լեւոն Իսախանեանը մասնակցեցան Օթաուայի մէջ տեղի ունեցած Գանատական Եկեղեցիներու Խորհուրդի կառավարիչ մարմնի ժողովին։

Տեղին է նշել, որ Գանատական Եկեղեցիներու Խորհուրդը հիմնուեցաւ 1944 թուականին, ու կը ներգրաւէ Գանատայի մէջ գտնուող 85% քրիստոնեաները ներկայացնող 25 դաւանանքները, որոնք կ՛աշխատին բազմազանութեան մէջ իրականացնել Քրիստոնէական միջեկեղեցական միասնութիւնը։