Յունիս 6, 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ իր քառօրեայ աշխատանքներուն սկսաւ Եկեղեցական-Ներկայացուցչական 6-րդ Ժողովը։

Ժողովին մասնակցեցան Մայր Աթոռի և Նուիրապետական աթոռներու եպիսկոպոսներ, Հայաստանի և Սփիւռքի Թեմերու առաջնորդներ, առաջնորդական տեղապահներ, հայրապետական պատուիրակներ, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներ, Նուիրապետական աթոռներէ, հայրապետական պատուիրակութիւններէ ու աշխարհասփիւռ թեմերէ ընտրուած հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ:

Այս կապակցութեամբ, Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի Տիկին Աբէթ Ալբայի ու Փոխատենապետ Տիար Օհան Օհաննէսեանի, Գանատահայոց Թեմի պատուիրակութիւնը ժամանեց Հայերու հոգեւոր կեդրոն՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ժողովի ընթացքին Գանատահայոց Թեմը ներկայացնելու։