18-20 Սեպտեմբեր 2017-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին:
Համաժողովի «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրի տակ հաւաքուեցան՝ աւելի քան 70 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 1500 սփիւռքի մէջ գտնուող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Համաժողովին ներկայ գտնուեցան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Տիար Պաքո Սահակեանը, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ: