Թալիա Գալենտէր
11-18 Օգոստոս 2018-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ կայացաւ Թեմի տարեկան «Արարատ» ամառնային երիտասարդական ճամբարը:
Գանատայի բոլոր կողմերէն՝ Օթթաուայէն, Թորոնթոյէն, Մոնթրէալէն, Լավալէն, Միսիսոկայէն, Համիլթընէն, Սենթ Գաթրինզէն եւ Վանքուվըրէն, մէկ շաբթուայ համար հաւաքուած երիտասարդները, եկած էին իրենց ազգային ինքնութիւնը վերահաստատելու, Հայկական մշակոյթին եւ լեզուին հետ առնչուելու ու իրենց հաւատն ամրապնդելու: Այս տարի մենք յատուկ արձանագրութիւն մը ձեռք բերինք եւ ունեցանք «Արարատ» ճամբարի ընտանիքի մաս կազմող 170 մասնակիցներ (ճամբարականներ, պատասխանատուներ եւ անձնակազմի անդամներ):
Ամեն տարի «Արարատ» ճամբարը թեմայ մը կ’ունենայ: Այս տարուայ թեման էր՝ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ «Երիտասարդներու Տարի» հռչակուած նախաձեռնութիւնը, որուն վրայ հիմնուած էր մեր առօրեայ ծրագիրը: Առաւօտուն, մեր կրտսեր ճամբարականները կը շրջագայէին կրօնական, պատմական եւ մարզական ծրագիրներու հանգրուաններով: Կրօնական գիտելիքներու հայթայթումն ստանցնած էին, Լավալէն՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանն ու Միսիսոկայէն՝ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգսեանը: Իւրաքանչիւր օրուայ ընթացքին, զանազան գործունէութիւններով երեխաները կ’առաջնորդուէին սորվելու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ամենակալ Աստուծոյ հետ իրենց հարաբերութիւնը զօրացնելու մասին:
Ճամբարականներու առաւօտներուն կարեւոր տեղ գրաւած էին նաեւ ժառանգութիւնն ու մշակոյթը: Իւրաքանչիւր օր Հայկական արուեստի, պարի, լեզուի եւ թատերգութեան հետ կապ ունեցող գործունէութիւններով ճամբարականներուն ծրագրուած էր սորվիլ Հայկական մշակոյթի ու ժառանգութեան մասին: Քանի որ կարգ մը ճամբարականներ Հայերէն չեն խօսիր, մենք հպարտօրէն՝ միայն լեզուի միջոցով չէ, որ իրենց համար հնարաւորութիւն ընձեռնեցինք սորվելու եւ կապ ունենալու իրենց Հայկական ինքնութեան հետ:
Երիտասարդներու համար ֆիզիքական վարժութիւններն անհրաժեշտ են ու «Արարատ» ճամբարը նկատի առնելով այս հանգամանքը, ջանք չխնայեց ամէն օր երեխաներուն աշխոյժ պահելու: Ամէն առաւօտ, պատասխանատուներն ունէին կիրառելու տարբեր մարզաձեւեր ու խաղեր: Պատանիները Ֆութպոլ ու Պասքեթ խաղցան, ինչպէս նաեւ այլ խմբային ոգի ներշնչող խաղեր:
Մինչ կրտսեր մասնակիցները կ’անցնէին առաւօտեան ծրագրի նշուած գործունէութիւններով, անոնց աւագներն ունէին այլ ծրագիր: 14-15 տարեկան ճամբարականները մասնակցեցան՝ կորովի խումբի մը պատրաստած յատուկ ծրագրին, որ կը կոչուի «Արարատ» ճամբարի մարտահրաւէր: Մարտահրաւէրը մրցոյթ մըն է, ուր խումբերու բաժնուած ճամբարականները, օրական մրցումներն աւարտելով, շաբթուան վերջն ունեցան դաբնեկիր: Ամէն օր, իրենց հասակակիցներուն յաղթելու համար, խումբերը կ’ունենային ֆիզիքական, մշակութային, մտաւոր եւ ակադեմական գործունէութիւններ: Ամէն տարի Challenge ծրագիրն ունի իր թեման: Այս տարի Disney-ն էր, իսկ անցածին՝ Harry Potter-ն ու Life and Superheros խաղը:
Ճաշէն վերջ, բոլոր ճամբարականները կը շարունակէին ճամբարի ընդհանուր ծրագիրը: Ամէն օր, պատասխանատուները կը խօսէին՝ հասարակական, բժշկական եւ գործարար աշխարհի ասպարեզներուն մէջ Հայերու ազդեցիկ թողած հետքի մասին:
Ապա, կու գար կէսօրէ ետքի ծրագիրը: Ամէն օր, ճամբարականները կը վայելէին շարք մը գործունէութիւններ, որոնց մեծ մասամբ կապուած են ջուրի հետ: Այնտեղ գտնուող լողափը հնարաւորութիւն տուաւ պատանիներուն լիճի մէջ լողալու եւ նաւարկելու:
Մեծ լողաւազանը ճամբարականներուն հնարաւորութիւն տուաւ իրենց լողորդական տաղանդները ցուցաբերելու, water polo խաղալու եւ ջրային սահնակով սահելու: «Արարատ» Ճամբարի «Ջուր Աշխարհ» տարբերակը մէկ այլ գործունէութիւն մըն էր, որ պատանիները ճամբարի օրերուն վայելեցին, ուր անոնք ջուրով խաղեր խաղցան: Խաղի նպատակն էր իւրաքանչիւրին զովացած ու կազդուրուած պահելը: Ջուրի գործունէութեան հետ նաեւ, ճամբարականները վայելեցին ձկնորսութիւնը, աղեղնաձգութիւնը եւ մանկական որսորդութիւն:
Որոշ ազատ ժամէն յետոյ, արդէն ընթրիքի ժամանակն է: Ընթրիքէն վերջ, կը սկսի մեր երեկոյեան ծրագիրը: Ամէն երեկոյ, պատասխանատուները բոլոր ճամբարականներուն համար, մեր այս տարուան «Երիտասարդներու Տարի» թեմային հետ կապ ունեցող գործունէութիւններ կը պատրաստէին: Հայկական Trivia Night-ը, ապագայ պատասխանատուներու պատրաստման գործընթացը եւ Talent Show & Dance-ը ճամբարի երեկոյեան ծրագրի հիմնական մասերէն էին:
«Արարատ» ճամբարն ունի նաեւ ծրագիր, այն երիտասարդներուն համար, որոնք մեծ են մասնակից ըլլալու եւ փոքր են պատասխանատու ըլլալու: 16-17 տարեկան այս երիտասարդները մաս կը կազմեն 2 տարի տեւողութեամբ պատասխանատուներու պատրաստման ծրագիրին: Անոնք փորձառու աշխատակազմի հետ աշխատելով կը սորվին իրենց համայնքներու մէջ յաջողակ վերակացուներ ըլլալ, ինչպէս եւ «Արարատ» ճամբարի ապագայ պատասխանատուներ: Ծրագիրին առաջնակարգ տեղ գրաւած էր թիմի ստեղծման, համագործակցութեան եւ դերակատարման գործունէութիւնը:
Ամէն տարի, «Արարատ» ճամբարը կ’օրհնուի ամբողջ Գանատայէն բծախնդրօրէն ընտրուած պատասխանատուներու սքանչելի խմբով: Իւրաքանչիւր տարի, շարք մը տարեկան հաճախող պատասխանատուներ կը հաւաքուին բոլոր այն անձանց որոնք կը փափաքին գալ ու մաս կազմել «Արարատ» ճամբարի ընտանիքէն: Բոլոր անոնք որոնք կը ցանկանան այս ընտանիքէն մաս կազմել՝ «Արարատ» ճամբարի դռները միշտ բաց են: Առանց այս կորովի խումբին, մեր ճամբարականները անմոռանալի այս փորձառութիւնը ապրելու հնարաւորութիւն չէին ունենար:
Մենք հպարտ ենք, որ Գանատայի Հայ երիտասարդութիւնն ունի «Արարատ» ճամբարի նման հնարաւորութիւն: Խորին շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք իւրաքանչիւր տարին, իւրայատուկ կը դարձնեն: