27 Ապրիլ, 2019-ին, Գանտահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ, Տիկին Հիլտա Թորշուճու-Սաքարի կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Տարեկան Արիւնահաւաք ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակացն։

16 տարիէ ի վեր, Մոնթրէալի ու Լավալի Հայ համայնքը՝ Գանատահայոց Տիրախնամ Թեմի հովանու ներքոյ ու «HEMA-Quebec»-ի հետ համագործակցութեամբ, կը կազմակերպէ արիւնահաւաք ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին։