11 Յունուար 2020-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը մասնակցեցաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի Գահակալութեան արարողութեանը, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարի մէջ:

Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը, Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք ընտրուեցաւ Դեկտեմբեր 11, 2019-ին:

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը՝ հիմնադրուեր է 1461-ին, դառնալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Նուիրապետական չորս Աթոռներէն մէկը: Միւս երեքն են՝ համայն Հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը: