Աւագ Ուրբաթ, 10 Ապրիլ 2020-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի հանդիսապետութեամբ, իրեն առընթերակայ ունենալով՝ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանը, Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեանն ու Արժ. Տ. Գէորգ քահանայ Աբեանը, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թաղման Կարգի արարողութիւնը: