Սիրելիներ,
Ի շարունակութիւն մեր կոչին՝ սատար կանգնելու «Արցախի Մարդասիրական հիմնադրամ»-ին, որ հիմնադրուեցաւ 28 Սեպտեմբեր 2020-ին, Գանատահայոց Թեմի կողմէն, երախտապարտ ենք Ձեզ տեղեկացնելու, որ ս.թ. Հոկտեմբեր 6-ի դրութեամբ, Թեմը ստացած է գնահատելի արձագանգ, ուր եւ հաւաքուած է շուրջ 119,000 գանատական տոլար:
Գոհունակութեամբ Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, որ «Հայկական կեդրոն»-ը (Centre Arménie) եւ «Տէրվիշեան հիմնադրամ»-ը խոստացան՝ Հոկտեմբեր 6, 2020-էն սկսեալ, Թեմիս «Արցախի Մարդասիրական հիմնադրամ»-ին կատարուելիք նուիրատուութիւններու գումարը կրկնապատկել մինչեւ 50,000 տոլար:
Մենք բարձր կը գնահատենք «Հայկական կեդրոն»-ի (Centre Arménie) եւ «Տէրվիշեան հիմնադրամ»-ի էական խթան հանդիսացող պատուական այս արարքը եւ բոլորիդ կը հրաուիրենք ու կը խրախուսենք շարունակել Ձեր սրտաբուխ առատաձեռն նուիրատուութիւնները՝ ի նպաստ ու օժանդակութիւն Արցախի եւ Հայաստանի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:
Աստուածահաճոյ այս սխրագործութեան մասնակից դառնալու համար՝ կարող էք Ձեր նուիրատուութիւնները կատարել Թեմի կամ Ձեր ծուխի միջոցով:
Թող Ամենակարող Արարիչի Սուրբ Աջի զօրութիւնը պահէ պահպանէ Հայաստանն ու Արցախը, այսօր եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: