Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,
27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, որպէս զինադադարի համաձայնութեան բացայայտ խախտում, սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմ սկսաւ իրագործել Արցախի շփման գիծի ողջ երկայնքով՝ ռմբակոծելով Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Մարտերը տակաւին կը շարունակուին, եւ դժբախտաբար, զոհերու պատճառ կը դարնան խաղաղ բնակչութեան շրջաններէն ներս: Այս դժուար պահին, Հայաստանի և Արցախի ժողովուրդը մեր աղօթքներուն եւ աջակցութեան կարիքն ունին:
Առ ի արձագանք՝ Ատրպէյճանի կատարած սոսկալի յարձակումներու պատճառով առաջացած մարդասիրական ճգնաժամին, Գանատահայոց Թեմը հիմնադրեց «Արցախի Մարդասիրական Հիմնադրամ»-ը: Բոլորին կը հրաուիրենք Ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարելու Թեմին, կամ տեղի Ծխական Խորհուրդին: Ձեր նուիրատուութիւնները պիտի փոխանցուին անմեղ զոհերու ընտանիքներուն:
Թող Ամենահզօր Աստուծոյ օրհնութեան եւ Արարիչի Սուրբ Աջի հովանու ներքոյ մնան Հայաստանն ու Արցախը, այսօր եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի