Սեպտեմբեր 27, 2021-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանութեան շարք մը անդամներ, մասնակցեցան Սուրբ Գայանէ վանքի անդաստանէն ներս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ կատարուեցաւ յանուն Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հայրենիքի պաշտպաններու հոգիներուն խաղաղութեանը: