Նոյեմբեր 7, 2021-ին, Համիլթնի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ 45-ամեակի առիթով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, իրեն առընթերակայ ունենալով Համիլթնի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ քահանայ Մանուկեանն ու Արժանապատիւ Տ. Բարսեղ քահանայ Վանլեանը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, «Ալեքսանեան» սրահի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելեանական ճաշկերոյթն ու աւանդական մոմավառութիւնը։