Նոյեմբեր 14, 2021-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, իրեն առընթերակայ ունենալով Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանը, հընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի օրհնեց Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյս Մայր Տաճարի նոր վարագոյրը։
Վարագոյրը նուիրուած է՝ Ազնուափայլ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի եւ անոր ազնուզարմ ընտանիքի կողմէն։
Հաւատացեալներուն անունով՝ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց մեծայարգ Կէօնճեան ընտանիքին։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդն օրհնեց նաեւ Թեմակալ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի անդամներուն։
Այնուհետեւ, Առաջնորդարանի յարկէն ներս, Կէօնճեան եւ Պէնօհանեան ընտանիքներու անդամները վայելեցին Սրբազան Հօր հիւրընկալութիւնը: